image
Հրատապ լուրեր:

«Համաս»-ի պատուիրակութիւնը կը մեկնի Գահիրէ. Թեման. հրադադարն է

«Համաս»-ի պատուիրակութիւնը կը մեկնի Գահիրէ. Թեման. հրադադարն է

«Համաս»-ի պատուիրակութիւնը կը մեկնի Գահիրէ՝ վերսկսելու Կազայի մէջ հրադադարի եւ Իսրայէլի հետ գերիներու ու պահուող անձերու փոխանակման բանակցութիւնները:

Ըստ շարժման հաղորդագրութեան, «Համաս»-ի ներկայացուցիչները դրականօրէն տրամադրուած են եւ կ'ակնկալեն որոշակի առաջընթաց արձանագրել բանակցութիւններուն:

Շարժումը յայտարարած է, որ «վճռական է, որ պիտի հասնի համաձայնութեան, որ կը բաւարարէ պաղեստինցիներու պահանջները՝ յարձակումներու դադրեցում, բռնագրաւող ուժերու դուրս ելլել, տեղահանուածներու վերադարձ, մարդասիրական օգնութիւն եւ գերիներու ու պահուող անձերու  փոխանակում»:

Ամերիկեան եւ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու տուեալով՝ Գահիրէ մեկնած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան տնօրէն Ուիլիըմ Պերնս:

The Wall Street Journal-ն ալ գրած է, որ Իսրայէլ վերջնագիր ներկայացուցած է Համասին եւ մէկ շաբաթ տուած՝ համաձայնելու հրադադարի հարցով Թել Աւիւի պահանջներուն: Հակառակ պարագային ՑԱՀԱԼ-ը (իսրայէլեան պաշտպանութեան բանակ) գործողութիւններ պիտի սկսի Կազա-Եգիպտոս սահմանին գտնուող Ռաֆահ քաղաքին մէջ, ուր 1.3 միլիոնէն աւելի փախստական կայ: