«Համաս» շարժումի գլխաւոր ղեկավար՝ Իսմայիլ Հանիյէ սպանուեցաւ Թեհրանի մէջ։
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ իրանեան ԶԼՄ-ներէ։
Կը նշուի, որ դէպքը տեղի ունեցաւ այսօր արեւծագին, եւ ըստ կարգ մը աղբիւրներու Հանիիյէ այցելութիւն կու տար իրանեան բանակի վեթերաններու կեդրոնին։
Յիշեցնենք, որ Հանիյէ աւելի վաղ Թեհրան ժամանած էր մասնակցութիւն բերելու Իրանի նորընտիր նախագահ Պեզեշքիանի երդմանակալութեան արարողութեան։