image

Հալէպի «սիրտ»-ը. Պոյաճեան ընտանիքի պատմութիւնը

Հալէպի «սիրտ»-ը. Պոյաճեան ընտանիքի պատմութիւնը

Մեծ եղեռնի օրերուն երկու հայ որբուկներու արաբները տիրութիւն կ'ընեն։ Լուսածինը՝ աղջիկը, կը մեծնայ մուրացկանի ընտանիքի մէջ, Պետրոսը՝ տղան, գիւղապետի ընտանիքին մէջ։

Սովորաբար այսպիսի պարագաներուն հայ որբերը կը մեծնային արաբական օրէնքներով ու տարիներու ընթացքին կը կորսնցնէին իրենց ինքնութիւնը։ Որբերու համար արաբ տէրերը իրենք կը գտնէին զոյգեր, իրենք կ'ամուսնացնէին իրենց աւանդոյթներով։

Պետրոսի հետ ալ նոյնը պիտի տեղի ունենար, եթէ չկարենար համոզել աղան՝ ամուսնացնել հարեւան ընտանիքին մէջ մեծացող Լուսածինի հետ։ Գիւղապետը, որ հայրութիւն կ'ընէր Պետրոսին, կ'ընդառաջէ։

Լուսածինի ու Պետրոսի որդին՝ Պետրոս Պոյաճեանը, յայտնի ու անուանի սրտաբան էր Հալէպի մէջ, բայց կեանքի վերջին տարիներուն կ'որոշէ գալ Հայաստան ու այստեղ ապրել։

Լսեցէ՛ք Պոյաճեան ընտանիքին պատմութիւնը Հանրային ռատիոյի «Գերդաստաններ»-ու հերթական  թողարկմանը։