image

Հալէպի միջազգային օդակայանի աշխատանքը առկախուեցաւ. Թռիչքները դէպի Դամասկոս

Հալէպի  միջազգային օդակայանի  աշխատանքը  առկախուեցաւ. Թռիչքները դէպի Դամասկոս

Սուրիոյ կառավարութիւնը յատուկ կարգադրութեամբ մը որոշեց դէպի  Հալէպ սպասուած թռիչքները տեղափոխել եւ ուղորդել դէպի մայրաքաղաք Դամասկոս։ 

 Այս մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւնը  քաղեց Սուրիական «Սանա»  պաշտօնական  գործակալութիւնէն։

Կը նշուի, որ Հալէպի   օդակայանը           իսրայէլեան կործանիչներու թիրախ դարձաւ, որուն հետեւանքով ալ  օդակայանի      վայրէջքներու     գետինը   որոշակի վնասներու ենթարկուած էր եւ  ըստ երեւոյթին դարձած անգործածելի։

 Սուրիոյ կառավարութեան  փոխադրութեան նախարարութիւնը, որ    յատուկ կարգադրութեամբ  հանդէս եկաւ քաղաքացիներէն    խնդրեց     ճիշդ գնահատել ստեղծուած իրավիճակը եւ    թռիչքներու հետ կապուած  պայմանաւորուածութիւնները կատարել ըստ նոր կարգադրութեանց։

 Նշենք, որ անցնող  տաս օրուան ընթացքին այս երրորդ  անգամն է, որ Հալէպի օդակայանի    իսրայէլեան օդուժին թիրախ կը դառնայ եւ բարեբախտաբար  հարուածները   բացառապէս  պատճառած են նիւթական վնասներ։