image

Հալէպի մէջ. ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսը այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին

Հալէպի մէջ. ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսը այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին

Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն վերահասու կը դառնանք, թէ`

Ուրբաթ, 22 Մարտ 2024-ի առաւօտուն, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական-Հիւպատոս մեծարգոյ տիար Բաբգէն Պատալեան շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս։

Պարոն Հիւպատոսը, Սուրիոյ մէջ Հ.Հ. Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան մեծարգոյ տիար Տիգրան Գէորգեանին, ինչպէս նաեւ Հ.Հ. Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան անձնակազմին անունով շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով Արքութեան տիտղոս ստանալուն ուրախ առիթով եւ քաջառողջութիւն ու արգասաբեր ծառայութիւն մաղթեց անոր։

Մտերմիկ հանդիպումին արծարծուեցան Հիւպատոսութիւն-Ազգ. Առաջնորդարան փոխ գործակցութիւնն ու ներկայիս տիրող իրավիճակին առնչուող նիւթեր։

Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, շնորհակալութիւն յայտնեց պարոն Հիւպատոսին եւ իր ճամբով պարոն Դեսպանին եւ Հիւպատոսութեան ողջ անձնակազմին եւ բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց անոնց։