image

Հալէպի ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս՝ Բաբգէն Պատալեան այցելած է գաղութահայ արուեստագէտ՝ Ճորճ Ամպարճեանին

 Հալէպի  ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս՝ Բաբգէն Պատալեան այցելած է գաղութահայ  արուեստագէտ՝ Ճորճ Ամպարճեանին

Հալէպի «Արեւելք»ի աղբիւրէն վերահասու դարձանք, թէ օրերս   Հայաստանի Հանրապետութեան  գլխաւոր Հիւպատոս  տիար Բաբգէն Պատալեան ցաւակցական այցելութիւն մը տուած է հալէպահայ արուեստագէտ, մտաւորական Ճորճ Ամպարճեանին։ 

Յիշեցնենք,  որ անցնող  7 Մայիսին մեր հայրենակից՝  Ճորճ Ամպարճեանի մայրը՝ Ֆլորա Ամպարճեան- Արսլանեան մահացած էր եւ երկրէն դուրս  գտնուելուն  պատճառով հիւպատոս՝  Բաբգէն Պատալեան չէր կարողացած մասնակցիլ յուղարկաւորութեան։