image

«Մեծ է թիւը սուրիահայ այն ընտանիքներուն, որոնք հիմա ալ կը փափաքին Հայաստան տեղափոխուիլ».Յակոբ Նալպանտ

 «Մեծ է թիւը  սուրիահայ այն ընտանիքներուն, որոնք հիմա  ալ կը փափաքին  Հայաստան տեղափոխուիլ».Յակոբ Նալպանտ

Կազզէի ներկայ պատերազմին ու անոր նախորդած յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութիւններուն, Պեշար Էսատի իշխանութեան եւ այլ հանգամանքներու համայնապատկերին վրայ Սուրիոյ իրադարձութիւնները անուշադրութեան մատնել անկարելի է։ Նոյն ամբողջին մէջ Հալէպի հայութեան վիճակն ալ օրակարգի այլ կարեւոր երեսակներէն մին է։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս բոլորին վերաբերեալ հալէպահայ հրապարակագիր Յակոբ Նալպանտի խորհրդածութիւնները։

 

*

-Ըստ երեւոյթին, Արաբական լիկայի կողմէ Սուրիոյ համար գործադրուած ջանքերը չարժեւորուեցան՝ քանի ոչինչ փոխուեցաւ գետնի վրայ: Ի՞նչ է գործնական վիճակը:

Արաբական լիկայի՝ յատկապէս Ճիտտէի գագաթաժողովէն վերջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծուած էր։ Յոյս կար, թէ նախագահ Պեշար Էսատ այդ գագաթաժողովէ վերադարձին ընթացք պիտի տար ՄԱԿ-ի՝ Սուրիոյ համար նախատեսուած բանաձեւի գործադրութեան։ Խոստումները շատ էին, բայց, դժբախտաբար, ինչպէս կ՚ըսեն՝ հովը չփչեց ինչպէս նաւը կ՚ուզէ։ Եւ ամէն ինչ ետ՝ զերոյական կէտին վերադարձաւ։ Արաբները հրաժարեցան մեծագումար յատկացումներու խոստումներէն ու այսպէսով առկայ ծանր ճգնաժամը աւելիով սրեցաւ։ Ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը պատմական մրցանիշներ կոտրեց։ Ներկայիս խանդավառուելու համար հեռանկար մը չկայ։ Եթէ Սուրիա յստակ քայլերու չդիմէ, այսինքն՝ ՄԱԿ-ի բանաձեւի գործադրման համար ջանք չթափէ, ապա կրնայ շատ աւելի բարդ վիճակներու մէջ յայտնուիլ։ Ինչ կը վերաբերի ՄԱԿ-ի բանաձեւին, ապա այդ մէկը կ՚ենթադրէ՝ ազատ ընտրութիւններ, բանտարկեալներու ազատ արձակում, նոր սահմանադրութեան մշակում: Երբ այս բանաձեւի գործադրութիւնը սկսի, ապա երկրի բոլոր ուժերը կրնան հաւաքուիլ եւ միասնութեան կոչ ուղղել: ԱՄՆ նոյնիսկ յայտարարած է, որ մինչեւ այդ բանաձեւին գործադրուիլը՝ Սուրիոյ արեւելեան շրջանները երկրի ամբողջին մաս պիտի չկազմեն։ Խօսքը կը վերաբերի Հասաչէի եւ Գամիշլիի, ուր յատկապէս կը տիրապետեն քրտական զօրամիաւորումները։ ԱՄՆ ձեռնամուխ եղաւ նաեւ երկրի հարաւային բաժինները իրարու կապելու։ Այս բոլորին մէջ, անշուշտ, երեւցած էր նաեւ Թեհրան-Պէյրութ ճանապարհը ամերիկեան կամ ամերիկամէտ ուժերու վերահսկողութեան տակ առնելու ձգտումը։

 

-Գիտենք, որ հալէպահայ գաղութը ծանր փուլերէ անցաւ։ Յատկապէս կ՚անդրադառնանք Հալէպին՝ քանի ան սուրիահայութեան սիրտն է: Ինչե՞ր կ՚ենթադրուին ապագայի համար։

Շատերու ընտանիքէն անդամներ տակաւին Հալէպի մէջ կը գտնուին: Տնտեսական վիճակը շատ ծանր է, ձմեռնամուտի դրութեամբ արդէն վերստին երեւցան վառելանիւթի մտահոգութիւնները։ Պետութիւնը ծախսերը ստանձնելէ հրաժարած է։ Անցեալ կրթական շրջանի աւարտէն ի վեր Սուրիայէն բազմաթիւ հայ ընտանիքներ սկսան տեղափոխուիլ Հայաստան։ Մնացեալներու շարքին ալ քիչ չեն փափաքողները։ Մինչեւ որ Սուրիոյ բոլոր տարրերը չհաւաքուին մէկ սեղանի շուրջ ու չփորձեն իրենց հարցերը լուծել եւ մանաւանդ՝ ՄԱԿ-ի որոշումները չկիրառուին, երկրին մէջ խաղաղութիւն պիտի չտիրէ։

 

-Ի՞նչ կ՚ենթադրէք Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու ապագային մասին։

Պեշար Էսատ պայմաններու նշաձողը շատ բարձրացուց, իսկ Թուրքիա խիստ մտահոգութիւններ ունի իր ազգային անվտանգութեան իմաստով։ Արդարեւ, Թուրքիա համոզուած է, թէ եթէ իր ուժերը դուրս բերէ Սուրիայէն, ապա Իտլիպէն սկսեալ երկիրը ի վիճակի պիտի չըլլայ երաշխաւորել անվտանգութիւնը։ Թուրքիա անհանգստութիւններ ունի քրտական միաւորումներէն, որոնք Իտլիպի մօտակայքին են։ Թուրքիոյ մտահոգութիւնը ազգային անվտանգութեան բնոյթ ունի։

 

-Շատ լաւ, ի՞նչ կը դիտարկէք Հարաւային Կովկասի մասին։

Շատ կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Ընթացքը ճակատագրական է Հայաստանի տեսակէտէ։ Սիւնիքը բախտորոշ կէտի մը վերածուած է։ Այնտեղ կը համընկնին Արեւմուտքի եւ Իրանի հակառուսական շահերը։ Հայութիւնը այս բանը պէտք է խորաթափանց ընկալէ ու փորձէ հնարաւորինս օգտուիլ։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս