Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի բարձր կարգադրութեամբ Հալէպի կը շարունակուին համայնքի անապահով ընտանիքներուն օժանդակութիւն ցոյց տալու նախաձեռնութիւնները։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Հալէպի Հայ Աւետ. «Փեթել» եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Նկատի ունենալով երկրին ներկայ տնտեսական տագնապները, յատկապէս մերօրեայ սղաճը, Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան օժանդակութեամբ` Հայ Աւետարանական ընկերային Ծառայութեան յանձնախումբին, Կաթ եւ շորեր բաժնեց մէկ տարեկան եւ վար հայ երեխաներու։