Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս հիւրընկալած է Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան նորընտիր վարչութիւնը, որուն կ՚ընկերակցէր Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Խնամակալութեան անդամ Արա Ղազարեան։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Շաբաթ, 15 Նոյեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան նորընտիր վարչութիւնը, որուն կ՚ընկերակցէր Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Խնամակալութեան անդամ Արա Ղազարեան։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամ երկրչփ. Մարալ Գալայճեան-Սեմէրճեան։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, վարչութեան ատենապետ Հուրի Տիլպէրեան անդրադարձաւ միութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները եւ շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները փոխանցելով, յաջողութիւն եւ արգասաբեր գործունէութիւն մաղթեց նորընտիր վարչութեան։