12 յուլիսին՝ ժամը 05:30-ին, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են Տեղի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, որու հետեւանքով վիրաւորում ստացած է ՀՀ Զինուած ուժերու զինծառայող Ե. Խ.-ն: Այս մասին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Զինծառայողի վիճակը կը գնահատուի բաւարար, կեանքին վտանգ չի սպառնար:
Այլ մանրամասներ չեն հաղորդուած։