image

Հակամարտութեան մէջ վերջակէտը պիտի դրուի միայն Պաղեստին պետութեան ստեղծմամբ. Լաւրով

Հակամարտութեան մէջ վերջակէտը պիտի դրուի միայն Պաղեստին պետութեան ստեղծմամբ. Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, մեկնաբանելով Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ ռազմական գործողութիւնները, ընդգծած է. «Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ վերջակէտը պիտի դրուի միայն Պաղեստին պետութեան ստեղծմամբ: Առանց պաղեստինեան պետութեան ստեղծման անհնար է խաղաղութեան հասնիլ տարածաշրջանին մէջ»:

Լաւրով այս մասին յայտարարած է 2023 թուականի ռուսական դիւանագիտութեան արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած մամուլի ասուլիսին։

Ըստ անոր՝ պէտք է ստեղծուի գործունակ պետութիւն, որ կը համապատասխանէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւի դրոյթներուն եւ կը կարողանայ ապահով ու խաղաղ ապրիլ Իսրայէլի կողքին:

Ինչպէս նշած է Լաւրով, եթէ հարցը այս կերպ չլուծուի, «պաղեստինցիներու իւրաքանչիւր յաջորդ սերունդի պիտի փոխանցուի Իսրայէլի նկատմամբ այն վերաբերմունքը, որ այժմ ունին պաղեստինցիները»։

Ռուսիան, վստահեցուցած է նախարարը, պատրաստ է ջանքեր գործադրելու հակամարտութեան մէջ իրավիճակը կարգաւորելու համար։ Ան ընդգծած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը շատ շահագրգռուած է, որ Իսրայէլն անվտանգ ապրի: