image

Հացահատիկի հարցը շուտով պիտի լուծուի. նախատեսուած է ապահովել անցքի անվտանգութիւն

Հացահատիկի հարցը շուտով պիտի լուծուի. նախատեսուած է ապահովել անցքի անվտանգութիւն

Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկով բեռնուած նաւերու անցման անվտանգ միջանցքը պիտի սկսի գործել առաջիկայ շաբաթներուն, երաշխիքներ տրուած են. այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»ին յայտնած է իսթանպուլեան բանակցութիւններուն ծանօթ աղբիւրը։

Աւելի վաղ Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմէն «Ռիա Նովոստի»ին յայտնած էին, որ հացահատիկի խնդրի վերաբերեալ փաստաթուղթը պիտի ստորագրուի Պոլսոյ մէջ, ուրբաթ օր, արարողութեան պիտի մասնակցին Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողանը եւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշը։

«Յոյսով ենք, որ առաջիկայ շաբաթներուն»,- ըսած է աղբիւրը՝ պատասխանելով հարցին, թէ երբ կը նախատեսուի միջանցքի գործարկումը։