image
Հրատապ լուրեր:

«Հ.Մ.Ը.Մ.ը դպրոց է» յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Հ.Մ.Ը.Մ.ը դպրոց է» յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կը շարունակուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հովուական այցելութիւնը՝  ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմ։

Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետի նոր կայարանը եղած է այցելութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոն, ուր հայրապետը իր ողջոյնի խօսքը յղած է աշխարհատարած այդ կազմակերպութեան օրուան առթիւ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք եղելութեան մասին «Կիլիկիա» հարթակի հրապարակումը՝

Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 07:00-ին, Մոնթեպելլոյի Սուրբ Խաչ մայր եկեղեցւոյ «Պաղրամեան» սրահին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ընկերակցութեամբ, ներկայ գտնուեցաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օր»ուան 10-րդ տարեկան տօնակատարութեան եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղեց այս առիթով։

Ամերիկայի, Հայաստանի ու Արցախի քայլերգերէն, բացման ու յաւուր պատշաճի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան խօսքերէն եւ գեղարուեստական յայտագիրէն, ինչպէս նաեւ պատուոյ շքանշաններու տուուչութենէն ետք, խօսք առաւ նաեւ շրջանային վարչութեան ատենապետ Փիէռ Մանուկեան։ Ան յատկապէս ըսաւ. «Կը տօնենք մեր կազմակերպութեան 107-րդ տարեդարձը, ուր նաեւ կը վայելենք եւ կը պատուըուինք Նորին Սրբութեան ներկայութեամբ։ Վեհափառ Հայր, ձեր օրհնաբեր ներկայութիւնը մեզի համար մխիթարութիւն ու ներշնչում է։ Ձեր վաստակը մեր բոլորին ներշնչանքն է, յատկապէս մեր երիտասարդներուն, որոնք կը սորվին ձեզմէ՝ նայիլ ապագային հաւատքով եւ ծառայել առանց վարանելու։ Աղօթք կ՚ուղղենք առ Աստուած, որ շնորհէ ձեզի երկար, առողջ եւ խաղաղ տարիներ, որպէսզի շարունակէք առաջնորդել մեր ազգն ու եկեղեցին։ Կեցցէ՛ Նորին Սրբութիւնը. կեցցէ՛ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռը. կեցցէ՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոգին՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի բարիք մեր ժողովուրդին»։

Ատենապետին խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետը, որպէսզի իր հայրապետական օրհնութեան խօսքը ուղղէ ներկաներուն։ «Հ.Մ.Ը.Մ.ը էապէս դպրոց է եւ ո՛չ թէ սոսկ մարմնակրթական միութիւն։ Այս կ՚ուզեմ յիշեցնել Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ մեր ժողովուրդին՝ ամէն անգամ երբ առիթը ունենամ Հ.Մ.Ը.Մ.ին հետ ըլլալու: Ճիշդ է, իր արտաքինով, մեթոտներով, կազմակերպչական գործընթացքով ու աշխատանքներով մարմնակրթական միութիւն է ան, սակայն իր էութեամբ ու առաքելութեամբ դպրոց է: Հ.Մ.Ը.Մ.ը դպրոց է, որովհետեւ ան յատուկ կարեւորութիւն կու տայ կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան՝ մեր պատանիները թրծելով հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով: Սփիւռքի մեր կեանքէն ներս, ուր պայմաններու բերումով հայ դպրոց չկար, Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղաւ հայ դպրոց: Նոյնը կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ը այսօ՛ր եւս: Իմ հայրապետական թելադրութիւնս է, որ մարզական աշխատանքներէն անդին, Հ.Մ.Ը.Մ.ը յատուկ կարեւորութիւն ընծայէ հայեցի դաստիարակութեան՝ հայուն մէջ հա՛յը կրթելով եւ հայուն ինքնութիւնը բիւրեղացնելով»:

Աւարտին, բոլորը միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը։