Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Գուրգէն Արսէնեան պատգամաւորական լիազօրութիւններէ հրաժարելու դիմում ներկայացուցած է Ազգային Ժողովի նախագահին։
Այս մասին կը տեղեկացնէ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի օգնական՝ Մովսէս Յարութիւնեանը։
Արսէնեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր ընտրուած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան համապետական ընտրական ցուցակով 20 Յունիս, 2021-ին:
Յիշեցնենք՝ ըստ մամուլի մէջ շրջանառուող լուրերուն, Գուրգէն Արսէնեան պիտի նշանակուի Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: