image

Գորիսի փոխքաղաքապետը ազատ արձակուեցաւ

Գորիսի փոխքաղաքապետը ազատ արձակուեցաւ
Գորիսի փոխքաղաքապետ Իրինա Եոլեանը պիտի չկալանաւորուի. Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Կարէն Ֆարխոյեանի որոշմամբ՝ ան ազատ արձակուած է: Այս մասին NEWS.am-ին յայտնած է անոր պաշտպան Արմէն Մելքոնեանը:
 
Փաստաբանն աւելի վաղ յայտնած էր, որ Գորիսի փոխքաղաքապետ Մենուա Յովսէփեանը Կեդրոն եւ Նորք Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանի որոշմամբ պիտի կալանաւորուի. վերջինը բաւարարած է ներկայացուած միջնորդութիւնը:
 
Գորիսի համայնքապետարանի աշխատակիցներ Արմինէ Չոփչունցը եւ Սուսաննա Մկրտչեանը պիտի չկալանաւորուի. անոնք եւս ազատ արձակուած են:
 
16 Օգոստոս 2021-ին Քննչական կոմիտէի մէջ որոշումներ կայացուած էին Գորիս համայնքի ղեկավարի պաշտօնակատար Իրինա Եոլեանը, համայնքապետարանի երկու աշխատակիցները ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով, իսկ համայնքի ղեկավարի տեղակալ Մենուա Յովսէփեանը՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 149.1-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին եւ 2-րդ կէտերով, 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին եւ 179-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտերով նախատեսուած յանցաւոր արարքներ կատարելու համար որպէս մեղադրեալներ ներգրաւելու մասին:
 
17 Օգոստոս 2021-ին յիշեալ 4 մեղադրեալները ձերբակալուած էին՝ անոնց նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու համար: