Պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի, Գլխաւոր շտաբի նախկին պետ Ստեփան Գալստեանի, ՊՆ-ին զէնք մատակարարող ընկերութեան տնօրէն Դաւիթ Գալստեանի, Գլխաւոր շտաբի գործող պետ Արտակ Դաւթեանի եւ եւս երեք այլ անձի գործով մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատուած է, գործը ուղարկուած է դատարան։
Գլխաւոր շտաբի պետին մեղադրանք առաջադրելու մասին տեղեկութիւնը նախաքննութիւնը վարող Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ամիսներ շարունակ չէր հաստատեր՝ պատճառաբանելով նախաքննական գաղտնիքը։
ԳՇ պետին մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի 375-րդ յօդուածի 3-րդ մասով (Պետի (հրամանատարի) կամ պաշտօնատար անձի կողմէ իշխանութիւնը կամ պաշտօնէական դիրքը չարաշահելը, իշխանազանցութիւնը կամ պաշտօնէական լիազօրութիւններու սահմանը անցնիլը, ինչպէս նաեւ իշխանութեան անգործութիւնը, եթէ այդ արարքները կատարուած են շահադիտական, անձնական այլ շահագրգռուածութենէ կամ խմբային շահերէ ելլելով, եւ եթէ անոնք էական վնաս պատճառած են՝ կը պատժուին ազատազրկմամբ՝ երկուքէն հինգ տարի ժամկէտով):
Դեկտեմբեր 17-ին Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ Ստեփան Գալստեանը պաշտօնանկ եղած է։ Ան կալանաւորուած է։
2018-2020 թուականներուն պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը զբաղեցուցած Տօնոյեանը եւս 2 ամիսէ աւելի՝ կալանավայրի մէջ է։ Ան կը մեղադրուի առանձնապէս խոշոր չափերու՝ շուրջ 4,7 միլիոն տոլար գումարի իւրացման համար։
Բանակին անպիտան հրթիռներ գնելու գործով կ'անցնին Զինուած ուժերուն զինամթերք մատակարարած ընկերութեան տնօրէն «Պատրոն Դաւօ» մականունով յայտնի Դաւիթ Գալստեանը, Զինուած ուժերու նախկին եւ ներկայ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, այդ շարքին՝ Զինուած ուժերու օդագնացութեան վարչութեան նախկին պետ Աւետիք Մուրատեանը:
Ի տարբերութիւն միւս մեղադրեալներուն՝ Գլխաւոր շտաբի պետը կալանքի տակ չէ։