image

Գրիգորի Խաչատուրովը ազատ արձակուեցաւ

Գրիգորի Խաչատուրովը ազատ արձակուեցաւ

ՀՀ հակակոռուպցիոն դատարանը, 21 փետրուարին, մերժած է 3-րդ բանակային զօրախումբի նախկին հրամանատար, զօրավար-մայոր Գրիգորի Խաչատուրովը կալանաւորելու մասին քննիչի միջնորդութիւնը:

Նշենք, որ Գրիգորի Խաչատուրովը ձերբակալուած էր. ան կը մեղադրուի փողերու լուացման մէջ: Ըստ իրաւապահներու՝ փողերու լուացման մէջ մեղադրուող Խաչատուրովը, 2006-էն 2010 թուականներուն զբաղցնելով զօրամասի հրամանատարի պաշտօնը, յանցաւոր ճանապարհով ձեռք բերած է անշարժ գոյք, ապա օրինականացուցած է այն։ Խօսքը Արարատի մարզի Արմաշ գիւղին մէջ տեղակայուած զօրամասի տարածքի մասին է: Զօրավարի մեղադրանքը կ'առնչուի Պաշտպանութեան նախկին նախարար, Հայաստան խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանի գործին:

Ըստ քրէական գործի՝ պաշտպանութեան նախարար եղած ժամանակ Սէյրան Օհանեանը Արարատի մարզի մէջ գտնուող նշուած երկու զօրամասերու տարածքները, որոնք հանդիսացած են պաշտպանութեան նախարարութեան սեփականութիւնը, օտարած եւ անհամեմատ աժան գինով վաճառած է։ Ազգային ժողովէն ներս գլխաւոր դատախազը յայտարարած էր, որ Գրիգորի Խաչատուրովը հանդիսանալով մէկ այլ զօրամասի հրամանատար, անոնցմէ մէկը գրաւադրած է դրամատան մէջ եւ գումար ստացած։

Նշենք, որ ի աջակցութիւն Խաչատուրովի՝ դատարանի բակին մէջ հաւաքուած էին հասարակական-քաղաքական գործիչներ: Միջնորդութեան հրապարակումէն ետք դատարանի բակին մէջ հաւաքուած քաղաքացիները կը վանկարկէին՝ «Նիկոլ դաւաճան»: