image

Գրիգորի Հայրապետովի հոգեհանգիստը վաղը՝ 4 Յունուարին

Գրիգորի Հայրապետովի հոգեհանգիստը վաղը՝ 4  Յունուարին

ՀՀ ԱԱԾ պետական պահպանութեան ծառայութեան նախկին պետ, զօրավար Գրիգորի Հայրապետովի հոգեհանգիստի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 4-ին՝ Կոնդի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, ժամը 18։00-էն սկսեալ։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 5-ին՝ ժամը 12։00-ին, Կոնդի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիէն, աճիւնը պիտի ամփոփուի Դաւիթաշէն վարչական շրջանի գերեզմանատունը։

Հայրապետով մահացած է Յունուար 1-ին՝ Երեւանի «Երազ» թաղամասի իր բնակարանին մէջ։ Ըստ տեղեկութիւններուն՝ ան այդ օր առաւօտեան վատ զգացած է ինքզինք, շտապ օգնութիւն կանչած են, սակայն շտապօգնութեան հեռանալէ յետոյ շատ չանցած Հայրապետովը մահացած է։

Ըստ նախնական վարկածի՝ ան սրտի կաթուած ստացած է։

Գրիգորի Հայրապետովը 1991-2018 թուականներուն եղած է Հայաստանի ղեկավարներու անվտանգութեան գլխաւոր պատասխանատուն։ Ան ապահոված է Հայաստանի երեք նախագահներու եւ ներկայիս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անվտանգութիւնը։ 

Հայրապետով Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետական պահպանութեան ծառայութեան պետի պաշտօնէն ազատուած է 2019-ի Հոկտեմբերին։