image

Global warming. Կամ աշխարհը դէպի ո՞ւր

Global warming. Կամ   աշխարհը  դէպի ո՞ւր

Կլիմայի փոփոխութեամբ զբաղող միջազգային յանձնախումբի պատրաստած զեկոյցին առաջին մասը, որ ներկայացուած էր անցեալ Օգոստոսին, ըսած էր, որ մինչեւ 2030 թուական, աշխարհը պիտի տաքնայ 1,5 աստիճանով, այսինքն 10 տարի առաջ կանխատեսուած թուականէն: Իսկ երկրորդ բաժնին մէջ, որ հրատարակուեցաւ վերջին զեկոյցով, անոնք շեշտած են, որ ջերմաստիճանի բարձրացումը  1,5 աստիճանէն աւելի, պիտի պատճառէ անդառնալի աղէտներ,

 

Նկատի առնելով, որ կլիմայի փոփոխութիւնն ու անոր ազդեցութիւնը աշխարհի բնակչութեան վրայ մեծ տագնապ դարձած է, այդ տագնապը յաղթահարելու նպատակով, ՄԱԿ-ը 2015-ին ընդունած է կլիմայի փոփոխութեան հետ կապուած ՄԱԿ-ի շրջանակային Փարիզի համաձայնագիրը: 

Վերջերս ՄԱԿ-ը, հիմնուելով կլիմայի փոփոխութեան հարցերով զբաղող միջազգային յանձնախումբի փորձագէտներու պատրաստած զեկոյցին վրայ, ահազանգ հնչեցուցած է թէ աշխարհի բնակչութեան կէսը ինքզինք անկայուն վիճակի մէջ կը գտնէ կլիմայի փոփոխութեանց հետեւանքներով: Ան նաեւ զգուշացուցած է, թէ երկիր մոլորակի  վրայ ապագային բնակելու հնարաւորութիւնները կը նուազին,  «յանցագործ» պաշտօնեաներու անգործութեան պատճառով: Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Ալ Նահար» կայքէն:

Ըստ աղբիւրին, ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան հետ կապուած միջազգային յանձնաժողովի փորձագէտներու պատրաստած ու ներկայացուցած զեկոյցը մութ պատկեր մը կը գծէ, ուր կ'ըսուի թէ մարդկային գործօնէն առաջացած աշխարհի կլիմայի տաքացման հետեւանքները արդէն զգալի դարձած են: Զեկոյցը, որ բաղկացած է հազարաւոր էջերէ, պահանջած է 195 անդամ երկիրներէն 15 օր ժամանակ զայն քննարկելու տեսակապի միջոցաւ:   

Ի դէպ, ջերմաստիճանի բարձրացման, հրդեհներուն, ջրհեղեղներուն, հիւանդութիւններուն, ջուրի մակարդակի բարձրացման, նաեւ ջուրի պակասի դիմաց 3,3-3,6 միլիառ մարդ, որ կը կազմէ մօտաւորապէս աշխարհի կէս բնակչութիւնը կը տառապի եւ ինքզինք անապահով կը զգայ: 

Զեկոյցը բարձրաձայնած է, որ եթէ աշխարհը հարկ եղած քայլերը չառնէ նուազեցնելու ջերմոցային կազերու արտանետումը, պիտի դիմակայէ այնպիսի հետեւանքներ, որոնցմէ խուսափիլը անհնար պիտի ըլլայ առաջիկայ տասնամեակներուն:

Իր հերթին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար՝ Անթոնիօ Կութերեշ  ըսած է «կեանքիս  ընթացքին  կարդացած  եմ գիտական  բազմաթիւ զեկոյցներ, բայց ոչ մէկը կը համեմատուի այս զեկոյցին հետ», ան նկարագրած է զայն, որպէս «հատոր մը, որ  կ'արտացոլէ մարդկային տառապանքը եւ կը մեղադրէ աշխարհի առաջնորդները, թէ ձախողած են միջավայրի փոփոխութիւններու դէմ պայքարին մէջ»:

Զեկոյցին համաձայն, ճիշդ է որ աղքատ երկիրները աւելի ենթակայ են այս տառապանքին, բայց հարուստ երկիրներն ալ հեռու չեն կլիմայի փոփոխութեանց հետեւանքներէն, եւ անոր վառ օրինակներն են Գերմանիոյ ջրհեղեղները եւ Միացեալ Նահանգներու հրդեհները:

Զեկոյցը պատրաստող յանձնախումբի նախագահ՝ Հանց Օթօ Փորդնըր յոյս յայտնած է, որ Ռուսական Ուքրանական պատերազմը չի շեղեր աշխարհի ուշադրութիւնը զեկոյցի կարեւորութենէն, շեշտելով թէ «աշխարհի տաքացման խնդրի անտեսումը ճիշդ ընտրանք չէ»:

Հաշուի առնելով, որ  աշխարհը տաքցած է 1,1 աստիճանով համեմատաբար արդիւնաբերական զարթօնքի տարիներու համաշխարհային ջերմաստիճանին, 2015-ի Փարիզի համաձայնագիրը որոշած էր, որ պէտք է աշխարհի տաքացման աստիճանը սահմանափակել մինչեւ 1,5 աստիճանի կամ առաւելագոյնը 2 աստիճանի բարձրացումով:    

Ի դէպ, կլիմայի փոփոխութեամբ զբաղող միջազգային յանձնախումբի պատրաստած զեկոյցին առաջին մասը, որ ներկայացուած էր անցեալ Օգոստոսին, ըսած էր, որ մինչեւ 2030 թուական, աշխարհը պիտի տաքնայ 1,5 աստիճանով, այսինքն 10 տարի առաջ կանխատեսուած թուականէն: Իսկ երկրորդ բաժնին մէջ, որ հրատարակուեցաւ վերջին զեկոյցով, անոնք շեշտած են, որ ջերմաստիճանի բարձրացումը  1,5 աստիճանէն աւելի, պիտի պատճառէ անդառնալի աղէտներ, օրինակ՝ բեւեռներուն կամ ծովափներու հետ կապուած: Իսկ երրորդ բաժնին մէջ, որ պիտի հրապարակուի յառաջիկայ Ապրիլին, պիտի ներառէ լուծումներ նուազեցնելու կազերու արտանետումները:

Զեկոյցը զգուշացուցած է, թէ Երկրի 1,5 աստիճան տաքացման հետ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող տեսակներու 3-14 տոկոսը պիտի անհետանայ: Իսկ 2050-ին, ծովափ ապրող բնակչութեան 1 միլիառը վտանգի ենթակայ պիտի ըլլայ:

Ըստ զեկոյցին, տարուած ջանքերը կլիմայի փոփոխութիւնը մեղմացնելու առնչութեամբ մասնատուած են եւ սեղմ մաշտապով կ'ընթանան: Եւ եթէ ռազմավարութիւնը փոփոխութիւն չկրէ, կատարուած աշխատանքը անբաւարար պիտի ըլլայ: 

«Եթէ ընթացիկ պարտաւորութիւնները ընդունուին, ուրեմն   առաջիկայ տասնամեակին կ'ակնկալուի արտանետումներու 14 տոկոսի բարձրացում, ինչ որ աղէտ է»,- զգուշացուցած է  Կութերեշ  ամբաստանելով այն երկիրները, որոնք մեծ տարողութեամբ արտանետումներ կ'արտադրեն, եւ «հրդեհ կը բռնկեցնեն այն միակ տան մէջ, որ ունինք բոլորս» եւ եզրափակած է, թէ «յանձնուիլը ուղղակի ոճրագործութիւն է»:   

 

 

 «Արեւելք»ի համար  արաբերէնէ  թարգմանեց՝ Թ.Գ.