image

Գլխաւորութեամբ Թեմական Ատենապետ Վարդան Նազիրեանի. Արեւմտեան Թեմի պատուիրակութիւն մը Հայաստան ժամանած է

Գլխաւորութեամբ  Թեմական Ատենապետ Վարդան Նազիրեանի. Արեւմտեան Թեմի պատուիրակութիւն մը Հայաստան ժամանած է

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ  Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի բարեխնամ կարգադրութեամբ եւ օրհնութեամբ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի   ԱՄՆ Արեւմտեան  Թեմը ներկայացնող    պատուիրակութիւն մը ժամանած է  Հայաստան։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Երեւանեան  իր աղբիւրէն։

 Մեր տուեալներով   պատուիրակութիւնը Երեւան ժամանած է  Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Վարդան Նազիրեանի գլխաւորութեամբ։

 Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն, ինչպէս աշխարհիկ, այնպէս ալ կրօնաւոր դասու անդամներ եւ պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի տարբեր մարզերուն եւ շրջաններուն մէջ ապաստանած մեր հայրենակիցներուն հետ, մօտէն ծանօթանալու համար անոնց վիճակին ու  կարիքներուն։

Կը նշուի նաեւ, որ պատուիրակութիւնը  յատուկ թղթածրար մը պիտի պատրաստէ,  ԱՄՆ վերադարձին զայն ներկայացնելու համար Թեմի հանրութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ նուիրատւութիւններ ապահովել տեղահանուած մեր եղբայրներուն։

 Աւարտին նշենք, որ նոյն առաքելութեան ծիրէն ներս պատուիրակութեան անդամները, որոնք երէկ կը գտնուէին Քանաքեռի շրջան  այցելած են Սուրբ Աստուածամայր եկեղեցի եւ ներկայ եղած Հայոց Բանակի   զինուորներու մկրտութեան հոգեպարար արարողութեան։

  Բարի երթ մեր հայրենակիցներուն այս խիստ կարեւոր  առաքելութեան մէջ։