Ղազախստանի իշխանութիւնները մերժած են Ուքրանիա զօրքեր ուղարկելու Մոսկուայի խնդրանքը։ Այս մասին յայտնած է NBC News-ը՝ յղում ընելով անանուն պաշտօնեաներու։
Բացի այդ, երկրի կառավարութիւնը հաստատած է, որ չի ճանչնար Տոնպասի ինքնահռչակ հանրապետութիւնները։
Ուաշինկթըն ողջունած է Նուր Սուլթանի որոշումը՝ պատերազմին չմասնակցելու եւ Տոնպասի հանրապետութիւնները չճանչնալու վերաբերեալ։