image

Գերշ. Տ. Մուշեղ եպս. Բաբայեան նշանակուած է Մայր Աթոռի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն

Գերշ. Տ. Մուշեղ եպս. Բաբայեան նշանակուած է Մայր Աթոռի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգէն վերահասու կը դառնանք, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանը, ազատելով Մայր Տաճարի Լուսարարապետի եւ Մայրավանքի տեսուչի պարտականութիւններէն, նշանակուած է Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն: