Աւելի քան 9 տարիներ ձեռնահսօրէն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի թեմերը հովուող Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեանի անունը ծանօթ է մեզմէ շատերուն։Սրբազան հայրը, ըլլալով կարող եւ իր առաքելութեան կառչած կրօնական գործիչ մը կարողացած է բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ կերտել տեղի իշխանութիւններու՝ էմիրութեանց բարձրագոյն մակարդակի աւագանիին հետ։
Շնորհիւ իր ձեռնհասութեան, արաբերէն լեզուն հմտօրէն տիրապետելուն ու նաեւ երկար ժամանակի վրայ ըլլալով գաւազանակիրը ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Սրբազան հայրը կարողացած է կերտել յարաբերութիւններ մշակելու յարգանքի արժանի մօտեցումներու ու այդպիսով ալ մեր եկեղեցւոյ ու հաւատացեալ համայնքի անդամներուն գլուխը միշտ բարձր պահել։
Իրողապէս հպարտութեան առիթներ բաշխած բարեջան Առաջնորդին կը մաղթենք լաւագոյն ու շէնշող օրեր, շարունակելու համար իր առաքելութիւնը, եւ անխախտ մնալու իր հաւատամքին մէջ։
Նշենք, որ այս նախաբանին շարժառիթը օրերս Սրբազան հօր մասնակցութիւնն էր, ԱՄէ-ի մէջ տեղի ունեցած «Մշակոյթի շաբթուան» միջոցառումներուն, որուն մասին ալ «Արեւելք» ստորեւ կը ներկայացնենք Թեմի դիմատետրեան էջին լրատւութիւնը։
Հինգշաբթի, 10 Մարտ 2022-ին, Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան հաւատարմատար Պրն. Կարէն Գրիգորեանի, ներկայ կը գտնուին Շարժայի կառավարիչ՝ Դոկ. Շէյխ Սուլթան Պըն Մուհամմատ Ալ Քասիմիի հովանաւորած Շարժայի մշակութային օրերու պաշտօնական բացման արարողութեան:
Բացումը կատարեց Նորին Մեծութիւն Շէյխ Ապտալա Պըն Սալեմ Պըն Սուլթան Ալ Քասիմի Շարժայի փոխ-կառավարիչ եւ Շարժայի Գործադիր խորհուրդի նախագահի տեղակալ:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը որպէս պատուոյ հիւր իր մասնակցութիւնը բերած էր սոյն յայտագրին:
Բացման հանդիսութեան նաեւ ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի փոխ նախարարը:
Նշենք թէ մշակութային սոյն ծրագիրը պիտի շարունակուի մինչեւ 28 Մարտ:
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը այցելելու Հայաստանի տաղաւարը: