image

Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. եւ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Յունաց արքեպիսկոպոսին՝ հիւր (Լուսանկարներ)

 Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. եւ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Յունաց արքեպիսկոպոսին՝ հիւր (Լուսանկարներ)

Օրերս Աթէնքի մէջ տեղի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան քաղաքավարական այց մը տուած է Յունաց Երոնիմոս արքեպիսկոպոսին։

Նշենք, որ սոյն այցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Թեմի երիտասարդ եւ արի միաբաններէն՝ Փոխառաջնորդ եւ Գօմօթինի շրջանի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ. Սաղտըճեան, որ մասնաւորապէս վերջերս Աթէնքի մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր վերջերս Աթէնքի մէջ հայկական Խաչքար մը կանգնեցնելու աշխատանքին, անշուշտ միշտ ունենալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրական նեցուկը եւ Սրբազան հօր անվերապահ աջակցութիւնը։

 

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ Յունաստանի Հայոց Թեմի կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը։

 

 

Չորեքշաբթի¸ 31 Յունուար 2024-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին¸ Յունաստանի թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան այցելեց Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Տ.Տ. Երոնիմոսին¸ Աթէնքի արքեպիսկոպոսարանի գրասենեակէն ներս։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Յունաստանի Թեմի Առաջնորդական փոխանորդ եւ Գօմօթինիի հոգեւոր հովիւ՝ Գերապատիւ Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունելութեան համար շնորհակալութեան խօսքէն ետք¸ յայտնենց թէ սոյն այցելութեան նպատակն է շնորհակալութիւն յայտնել նորին ամենապատուութեան¸ Գօմօթինի Հայ համայնքին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հայկական խաչքարի կանգնեցման հանդիսաւոր առիթին իր օրհնութիւնը տալուն¸ ինչպէս նաեւ իր ուղղած հայրական եւ բովանդակալից խօսքին համար¸ որ ինքնին պսակումը եղաւ այդ նշանակալից հանդիսութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ նշեց¸ որ Նորին Ամենապատուութիւնը միշտ ալ հայրական ¸ սիրալիր եւ յարգալիր մօտեցում կը ցուցաբերէ Յունաստանի հայ եկեղեցւոյ եւ համայնքին նկատմամբ։ Առաջնորդական փոխանորդ Հայր Սուրբին ներկայացնելով¸ նշեց թէ անոր ներկայութիւնը եւս յատուկ կերպով Գօմօթինիի եւ Թաղական Խորհուրդին եւ համայնքին անունով խորին շնորհակալութեան համար է¸ որուն իբրեւ արտայայտութիւն¸ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Արքեպիսկոպոսին նուիրեց Հայր Յովհաննէսին բերած հայկական փայտեայ խաչքարի գեղեցիկ օրինակ մը։

Արքեպիսկոպոսը իր կարգին իր շնորհակալութիւնը եւ ուրախութիւնը յայտնեց այցելութեան եւ ազնիւ արտայայտութիւններուն համար¸ հաստատելով որ խաչքարի հանդիսութիւնը իր իւրայատուկ իմաստը ունէր նաեւ իրենց համար։ Հանդիսութեան մանրամասնութիւններէն տեղեակ ըլլալով¸ գնահատեց Հայր Յովհաննէսի գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը՝ Յոյն եւ Հայ ժողովուրդներու բազմադարեան պատմութեան նուիրուած խաչքարի կանգնեցումը¸ որ յատկանշուեցաւ նաեւ հայկականին կողքին յունական մշակոյթի յատուկ զարդանախշով։ Շարունակելով իր հետաքրքրութիւնը Յունաստանի հայութեան պատմութեան մանրամասնութիւններով¸ յատկապէս Թրակիոյ շրջանի հայութեան մասին¸ Հայր Սուրբը փոխանցեց հարկ եղած տեղեկութիւնները։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Յունաստանի հայութեան պատմութեան մասին ամփոփ տեղեկութիւններ տալէն ետք¸ նկատի ունենալով արքեպիսկոպոսին Յունաստանի արդի պատմութեան վերաբերեալներկայ երկասիրութիւնը¸ պատրաստակամութիւն յայտնեց Արքեպիսկոպոսին հայթայթելու Յունաստանի հայութեան հետ առնչուած յունարէն լեզուով հրատարակութիւնները։

Այցելութեան աւարտին¸ Արքեպիսկոպոսը Առաջնորդ Սրբազանին եւ Հայր Յովհաննէսին նուիրեց իր հրատարակած մեծաՀատոր եւ շքեղ հրատարակութիւններէն։