image

Գերշ. Տ. Գեղամ արք.ի այցը՝ Քալիֆորնիոյ «Հայ երիտասարդաց կեդրոն»

 Գերշ. Տ. Գեղամ արք.ի այցը՝  Քալիֆորնիոյ «Հայ երիտասարդաց կեդրոն»

Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութեան Կլենտէյլի կեդրոնատեղին այցելեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան եւ ծանօթացաւ միութեան տարած զանազան  մարդասիրական, ազգային եւ մշակութային աշխատանքներուն եւ գնահատեց Միութեան շքեղ կեդրոնը, ողջունելով հոն ստեղծուած հայկական շունչն ու երիտասարդական ոգին: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ սեղանակիցը եղաւ վարչութեան կազմակերպած ընթրիքին:

Այցելութեան մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի պաշտօնական էջէն:

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝   

Շաբաթ, 10 Մայիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդառաջելով Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութեան վարչութեան հրաւէրին, այցելեց Միութեան Կլենտէյլի կեդրոնատեղին, ուր ան հիացմունքով շրջագայեցաւ շէնքին բաժանմունքներէն ներս եւ մօտէն ծանօթանացաւ  կեդրոնի գործունէութեան զանազան երեսներուն, ի մասնաւորի «Կոմիտաս» երգչախումբի եւ այլ խումբերու մարդասիրական, ազգային եւ մշակութային աշխատանքներուն:

Միութեան անունով արտասանուած բարի գալուստի խօսքէն ետք, վարչական պատասխանատուներ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր ցուցաբերած հայրական ուշադրութեան եւ հոգածու վերաբերումին համար, ապա իրենց կեդրոն յաճախակի այցելութեան վառ մաղթանքներ կատարեցին անոր: 

Իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց Միութեան շքեղ կեդրոնը, անոր  վերանորոգուած յարկն ու ենթաբաժանումները, ապա ողջունեց կեդրոնի հայկական շունչն ու երիտասարդական ոգին ու յատկապէս հոն տիրող այն բացառիկ մթնոլորտը, որ 1991-էն ի վեր, իրաքահայութեան տարբեր սերունդներու ջանքերով կը պահպանուի իբրեւ հարազատ ինքնութիւնը արեւմտահայութեան Վան-Վասպուրական անուն այն հարազատ բնակավայրին, ուրկէ մեծ թիւով հայ ընտանիքներ թրքական եաթաղանէն ճողոպրած՝ Ա. Համաշխարհային պատերազմի օրերուն ապրեցան ծանր ոդիսական մինչեւ հասան Իրաք, ուր թէեւ ապահով կեցութիւն հաստատեցին գրեթէ 100 տարի, բայց Միջին Արեւելքի անապահով պայմանները պատճառ դարձան, որ իրաքահայ սերունդներ անգամ մը եւս բռնեն գաղթի ճամբան եւ սլանան դէպի Արեւմուտք ու Միացեալ Նահանգներ, որպէսզի հայեցի նոր օճախներ կազմուին աւելի ապահով գաղթավայրերու մէջ: Այս առումով, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ բարձր գնահատեց երիտասարդ տղոց ու աղջկանց մասնակցութիւնը միութենական աշխատանքներուն, օրհնեց զանոնք եւ անոնց ազգային ու մշակութային գործունէութիւնը, իր խօսքին մէջ յատուկ ուշադրութեան արժանացնելով նաեւ «Կոմիտաս» երգչախումբը, անոր անդամներն ու վարչական պատասխանատուները:        

Յայտնենք, որ այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ սեղանակիցը եղաւ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութեան վարչութեան կազմակերպած ընթրիքին, որուն ներկայ եղան նաեւ բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններ եւ  Տէր եւ Տիկին Նաթան եւ Սթեֆընի Մէսչեաններ: Հիւրաբար ներկայ էին նաեւ Տէր եւ Տիկին Վիգէն եւ Նորա Յովսէփեաններ: 

Տիար Յովսէփեան խօսք առնելով պարզաբանեց, որ եկած է Միութեան վերադարձնելու պատմական աւանդ մը, որ Վան-Վասպուրականի գիւղերու ծնունդ, հայ ֆետայի եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան գործիչ Լեւոն Փաշա Շաղոյեանի անձնական գաւազանն է, որ 20 տարիէ ի վեր իր մօտ պահ դրուած է՝ մօտիկ անցեալին Լոս Անճելըս գաղթած եւ այժմ վախճանեալ՝ իրաքահայութեան օրուան Հոգեւոր հովիւ Տէր Վարդան Առաքելեանի կողմէ, որուն խնդրանքը եղած է՝ Լեւոն Փաշայի պատմական գաւազանը արժանավայել կերպով պահել ոչ սոսկ թանգարանային իր, այլ՝ ոգեշնչող խորհրդանշական աւանդ մը Վան-Վասպուրականի ազգային կեանքէն, եւ թէ այսօր ինք այդ խորհրդանիշն է, որ կը վերադարձնէ իրաքահայութեան լոսանճելըսաբնակ սերունդներու զաւակներուն, որոնցմէ շատեր հիմնադիրներն են Հայ Երիտասարդաց Միութեան Կլենտէյլի սոյն կեդրոնին: