image

Գերմանիան երբեք չի համաձայնիր Ուքրանիոյ հողատւութեան. Շոլց

Գերմանիան երբեք չի համաձայնիր Ուքրանիոյ հողատւութեան. Շոլց

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց յայտարարած է, որ իր երկիրը երբեք չի համաձայնիր Ուքրանիոյ հողատւութեան. ինչպէս նշած է Bild թերթը, ան այս մասին ըսած է Պունտեսթագի մէջ:

Ձախերու կուսակցութենէն պատգամաւոր Կեզին Լիոթշը յիշեցուցած է, որ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ Օլաֆ Շոլցը կը ներկայացնէին որպէս «խաղաղութեան վարչապետ», սակայն այժմ Պերլինը զէնք կը մատակարարէ Քիեւին եւ թոյլ տուած է յարձակիլ Ռուսիոյ տարածքի վրայ։ Լիոթշը հարցուցած է, թէ Գերմանիան այդպիսով կը խուսափի՞ հակամարտութեան կողմ դառնալէ։

«Այո, ես նման երաշխիք կու տամ, ես ատոր կողմ եմ որպէս վարչապետ։ Իմ տեսանկիւնէն, զինադադարը, որ կը յանգեցնէ Ուքրանիոյ հողատւութեան, այնպիսի քայլ է, որուն մենք որպէս Գերմանիա երբեք պէտք չէ աջակցինք։ Եւ սա վերացական հարց չէ։

Փութինի խաղաղութեան անհեթեթ առաջարկը այդ կը վկայէ։ Ան յայտարարած է, որ պատրաստ է զինադադարի, եթէ Ուքրանիան ճանչնայ նոր շրջաններու կցումը (բռնագրաւումը) եւ ինքնակամ հրաժարի ատոնցմէ։ Սա ցոյց կու տայ, թէ անոնք որքան շնական կը մտածեն, եւ նաեւ, որ Ռուսիոյ նախագահի նպատակը ոչ թէ իր յարձակողական պատերազմին վերջ տալն է, այլ միայն պատերազմը շարունակելու յայտարարութիւններ ընելը։ Մենք այդ չենք հանդուրժեր»,- պատասխանած է Շոլց։