image

Գերակշռողը ոգին է

Գերակշռողը ոգին է

 

ՀԲԸՄ առաւելաբար յոյսի կազմակերպութիւն մըն է, որուն մէջ շաղախուած են Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատքն ու ընկալումները ու այդ համագործակցութեան շնորհիւ ալ Բարեգործականը կարողացած է ինքզինք ագուցել մեր եկեղեցւոյ խօսքին ու գործին՝ թէ՛ «Երկաթեայ վարագոյր»ի օրերուն եւ թէ՛ այսօր։

 

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) մասին տարբեր առիթներով գրած եմ. գրած եմ դրական շեշտերով, սպասումներով ու յաճախ ալ քննադատելու միտուած մօտեցումով։ Համահայկական վարկով ու ներկայութեամբ ՀԲԸՄ միշտ ալ եղած է իրադարձութիւններու կիզակէտին։ Ան ունի բաւարար ներուժ աշխարհի հայութեան օժանդակելու համար։ Այս կառոյցը քար առ քար կերտած առաջնորդները ունեցած են մեծ տեսիլք եւ այդ տեսիլքին հիման վրայ պատրաստած են իրենց գործունէութեան յատակագիծը։

Այդ նոյն ոգիով վերջին օրերուն աշխարհի չորս ծագերէն Երեւան հասած էին ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքի պատգամաւորները։ Անոնք անտեսած էին Հայաստանի առկայ իրավիճակը եւ ինչպէս նախօրօք որոշուած էր՝ Երեւան եկած էին գումարելու համար միութեան 92-րդ ընդհանուր ժողովը։ Աւարտին հրապարակուեցաւ յատուկ յայտարարութիւն մը՝ հանրութեան ներկայացնելով Միութեան ընդհանուր տեսակէտները եւ շեշտը դնելով յառաջիկայ գործունէութեան ծրագրին վրայ։

«ՀԲԸՄ-Հայաստան»ի ղեկավար Վազգէն Եագուպեան համագումարի ամփոփ խօսքին մէջ շեշտը դրաւ վերջին տարիներուն հայ կեանքը յուզած կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն եւ այդ դէպքերուն կապակցութեամբ ՀԲԸՄ-ի ծաւալած գործունէութեան վրայ։ Ան ներկաներուն բացատրեց, որ 2020 թուականին ՀԲԸՄ թէեւ նոր տասնամեակի մը կը պատրաստուէր, սակայն «անիմանալի» մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման մնաց։ Այդ բոլորին հետեւանքով եղան՝ մինչ այդ մշակուած ծրագիրներէն կարգ մը շեղումներ եւ ընթացք տրուեցան շատ աւելի կարեւոր եւ առաջնային նախաձեռնութիւններու։ Ան առանձնացուց առնուազն երկու դէպքեր, որոնք ցնցած էին հայաշխարհը եւ ՀԲԸՄ-ը դրած էին նոր պարտաւորութիւններու տակ։ Անոնց դիմաց աշխարհասփիւռ այս կառոյցը շարժման անցուց իր ամբողջական ներուժը՝ հասնելու համար հայ ժողովուրդի ծով կարիքներուն։

Այդ դէպքերն էին՝ 2020 թուականի օգոստոսին Պէյրութի մէջ պատահած մահաբեր պայթումը եւ Հայաստանն ու Արցախը պատուհասած աղէտալի պատերազմը։ Այս երկու առանցքներով ալ ՀԲԸՄ կարողացաւ մէկ մարդու նման գտնուիլ բոլոր խրամատներուն մէջ եւ իր ծառայութեան ու օգնութեան ձեռքը մեկնել՝ վիրաւոր Պէյրութին ու պատուհասուած Արցախին։ Այս բոլորէն բացի, անշուշտ, պէտք չէ մոռնալ քորոնաժահրի համավարակը, որ ինչպէս աշխարհին ու հայութեան, նոյնպէս ալ ՀԲԸՄ-ին համար դարձաւ նոր գործելաոճեր որդեգրելու մեկնակէտ մը։

Ամէն պարագայի, այս բոլորէն անդին, յուսադրիչ է, որ ներկայիս ալ ՀԲԸՄ-ին համար առանցքային կը շարունակէ մնալ նորահաս սերունդները ներգրաւելու, անոնց հետ նոր ու արդիական ու աչալուրջ ծրագիրներ իրականացնելու, նաեւ մինչեւ մեր օրերը հասած ծրագիրներուն շարունակութիւն մը ապահովելու յանձնառութիւնը։ Ճիշդ է, որ վերջին տարիներուն՝ յատկապէս կրթական ոլորտէն ներս կան հարցեր։ Սփիւռքի զանազան ափերու վրայ ՀԲԸՄ-ի կրթական համակարգը կը կրէ հարուածներ։ Կերպով մը նահանջը կամ կարգ մը պարագաներու մէջ ալ օրուան պահանջները դիմագրաւելու ճանապարհին խնդրոյ առարկայ դարձած արգելքները պատրուակ կը ծառայեն, որպէսզի ՀԲԸՄ թիրախ դառնայ, ենթարկուի սուիններու, վիրաւորական խօսքերու եւ արգահատանքի։ Այդ բոլորը կան, սակայն չեն կրնար կոտրել դարաւոր ՀԲԸՄ-ի կամքը, նուիրուելու պատրաստակամութիւնը ու մանաւանդ ոգին։

Ոգին է, ի վերջոյ, որ կը շարժէ Բարեգործականը՝ Պէյրութէն Լոս Անճելըս, Պուէնոս Այրէսէն Երեւան, Նիւ Եորքէն մինչեւ Սուրիոյ ամենահեռաւոր կէտերն ու ափերը։ Ու այսօր ալ այդ ոգին է, որ դարձեալ՝ որպէս մղիչ ուժ, այս ամեհի եւ անորոշ ժամանակներուն պիտի պահէ կայմը եւ ճամբայ պիտի բանայ նոր ապագաներու։

ՀԲԸՄ առաւելաբար յոյսի կազմակերպութիւն մըն է, որուն մէջ շաղախուած են Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատքն ու ընկալումները ու այդ համագործակցութեան շնորհիւ ալ Բարեգործականը կարողացած է ինքզինք ագուցել մեր եկեղեցւոյ խօսքին ու գործին՝ թէ՛ «Երկաթեայ վարագոյր»ի օրերուն եւ թէ՛ այսօր։

Դպրոց է Բարեգործականը, որուն արգանդէն կը հասնին՝ աւանդութեան, փառահեղ անցեալի, ոգիի ու ոգեղէն հնոցներուն կառչած գործիչներ, որոնք կ՚անտեսեն ամէն դժուարութիւն եւ կը գործեն դառնալով այս մեծ կառոյցին «տէրն ու ծառան»։ Պօղոս Նուպար փաշա, Ալեք Մանուկան, Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն եւ շատ ուրիշներ… Անոնց հաւատամքին յենլով է միայն, որ այսօր ՀԲԸՄ-ի պատասխանատուները՝ գլխաւորութեամբ Պերճ Սեդրակեանի, կը շարունակեն իրենց նուիրական գործն ու առաքելութիւնը։

Դժուար է, անշուշտ, սիւնակի մը նեղ սահմաններուն մէջ ամփոփել այն բոլորը, որուն շուրջ համախմբումով մարմին ստացան ՀԲԸՄ-ի բարի գործերը։ Բայց եւ այնպէս, այս բոլորին առընթեր ու հակառակ մեծ ու փոքր դժուարութիւններուն, հակառակ առկայ մեծ մարտահրաւէրներուն ՀԲԸՄ պիտի շարունակէ աճիլ ու մեծնալ շնորհիւ միայն մէկ բանի, որ կը կոչուի ոգի եւ որուն արմատները կ՚երթան մինչեւ անցեալ դարու սկիզբները, երբ կրակներուն մէջէն դուրս գալով, երբ մոխիր դարձած վէրքերէն յառնելով կամար կապեց այս լիաուժ մարմինը՝ ՀԲԸՄ-ը։

Յարգա՜նք անոր վաստակին մէջ արիւն ու կեանք դրած երախտաւորներուն, յարգա՜նք անոր նուիրեալներուն։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...