23 Յուլիսին՝ ժամը 17:00-ի սահմաններուն, Գեղարքունիքի մարզի Կութ համայնքի վարչական տարածքին մէջ տեղակայուած ՀՀ ՊՆ N զօրամասի պահպանութեան տակ գտնուող մարտական յենակէտին մէջ հերթապահութիւն իրականացնելու ժամանակ, հակառակորդի հետ փոխհրաձգութեան հետեւանքով, հրազէնային մարմնական վնասուածքներ ստացած են պարտադիր ժամկէտային զինծառայող Արման Գուրգէնի Աթասեանը, պայմանագրային զինծառայողներ՝ Լեռնիկ Հենրիկի Նավոյեանը եւ Եուրիկ Աշոտի Օհանեանը: Այս մասին յայտնած են ՀՀ Քննչական կոմիտէէն:
Վերջիններս տեղափոխուած են Գեղարքունիքի կայազօրային հիւանդանոց, ուր Ա.Աթասեանի վիճակը գնահատուած է ծայրայեղ ծանր:
Դէպքի առթիւ ՀՀ քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան հինգերորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ յարուցուած է քրէական գործ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 34-104-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին, 2-րդ, 7-րդ եւ 13-րդ կէտերով:
Քրէական գործով նախաքննութիւնը կը շարունակուի:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ