Յունիս 1-ին ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) անդամներ պաստառներ զետեղած են Օթթաուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց, որոնց վրայ արձանագրուած էին «ՀՀ իշխանութիւններու անձնատուր քաղաքական ընթացքը դատապարտող պատգամներ, «Արցախն ուրանալը դաւաճանութիւն է»»։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՅԴ պաշտօնական կայքը։
«Ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած գրառումով ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութիւնը կը շեշտէ, որ Արցախը եղած է եւ միշտ պիտի մնայ հայոց հայրենիքի անբաժանելի մասը։ Նոյն գրառումով կը դատապարտուի նաեւ փանթուրանականութեան ծրագիրներուն նպաստող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարքագիծը»,- ըսուած է հաղորդագութեան մէջ։