Օթթաուայի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է աւելի քան 100 մարդ, որոնք կը մասնակցէին «Քովիտ» սահմանափակումներու դէմ ցոյցերուն: Կ'իրականացուի քաղաքի կեդրոնի մաքրման գործողութիւն:
Աւելի վաղ ցուցարարներուն կոչ եղած էր ինքնակամ դադրեցնելու անօրինական գործունէութիւնը: Անոնցմէ շատերը անտեսած էին ձերբակալման սպառնալիքը, դարձած էին յարձակողական եւ փորձած էին զէնք խլել ոստիկաններէն: Բեռնատարներու վարորդները արդէն 3 շաբաթ է` կաթուածահար ըրած են քաղաքին անդորրը: