image

Գանատացիք փակած են դէպի ԱՄՆ տանող կամուրջը

Գանատացիք  փակած են դէպի ԱՄՆ տանող կամուրջը

Գանատայի մէջ կը շարունակուին բեռնատարներու վարորդներու ցոյցերը «Քովիտ»ի սահմանափակումներուն դէմ: Ցուցարարները արգելափակած են «Ամւասատոր» կամուրջը, որ կը կապէ ամերիկեան Տիթրոյթ եւ գանատական Վինձոր քաղաքները: Այդ կամուրջով օրական 8000 բեռնատար կ'անցնի՝ ապահովելով երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրին 27 տոկոսը:

Բողոքի շարժումներ տեղի կ'ունենան նաեւ ԱՄՆ-ի հետ սահմանակից Քութս քաղաքին մէջ:

Մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ ալ հարիւրաւոր բեռնատարներ կը շարունակեն կայանուած մնալ` փակելով կեդրոնական փողոցները: Ոստիկանութիւնը 23 մարդ ձերբակալած է:

Ըստ պարբերականին` Գանատայի մէջ պատուաստուած չէ բեռնատարներու վարորդներուն 15 տոկոսը: Երկրին մէջ մեծապէս կ'աջակցին հանրային առողջութեան պահպանման համար ձեռնարկուող միջոցառումներուն: «Ազատութեան շարասիւն» անուանումը ստացած շարժումը մեծ աջակցութիւն ստացած է հակակառավարական խումբերէն:

Օթթաուայի բնակիչներէն շատերը դէմ են ցոյցին, որ կ'ուղեկցուի ազդանշաններու աղմուկով, հրավառութիւններով եւ անկարգութիւններով: Ոստիկանութիւնը նաեւ յայտնած է, որ քաղաքին կեդրոնը գտնուող 418 բեռնատարներու մէկ մասին մէջ երեխաներ կան: