Օրերս վերահասու դարձանք, թէ Գամիշլիի հայազգի՝ Ասիա Պետրոսեան յայտարարած է իր թեկնածութիւնը երկրին մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութեանց։
«Արեւելք» այս տեղեկութիւնը ստացաւ Տիկին Պետրոսեանի դիմատետրի անհատական էջէն, ուր ան յայտարարած է հետեւեալը՝
«Ես պատիւը ունիմ յայտարարելու թեկնածութիւնս, որպէս Սուրիոյ Խորհրդարանի ունենալով նեցուկը Սուրիոյ Արաբական Պաաս կուսակցութեան։
Իմ քաղաքական գործունէութիւններուս հիմամբ կը ներկայացնեմ թեկնածուութիւնս, հաւատալով, որ այդպէս պիտի շարունակեմ ծառայել մեր ժողովուրդին խոստանալով ձեզի, ըլլալու համարձակ ձայնը իմ երկրի դիմադրող ժողովուրդին, հաւատարիմ մնալով մեր մեծ կուսակցութեան՝ Արաբական սոցիալիստական Պաաս կուսակցության սկզբունքներուն, որուն գերագոյն եւ վստահելի առաջնորդն է ընկեր Պաշար Ալ-Ասատը:
Նշենք, որ Ասիա Պետրոսեան ստանձնած է տարբեր պաշտօններ նոյն կուսակցութեան շարքերուն մէջ, ինչպէս նաեւ տարբեր գործունէութիւններ ծաւալած Գամիշլիի մէջ։