image

Գահիրէի մէջ. Նշուած Է ՀՅԴ 131-րդ Տարեդարձը

   Գահիրէի  մէջ. Նշուած Է ՀՅԴ 131-րդ Տարեդարձը

   Օրերս   Գահիրէի  մէջ նշուած է Հայ  Յեղափոխական Դաշնակցութիւն  կուսակցութեամ հիմնադրման    131-րդ տարեդարձը։

 Այս մասին «Արեւելք»   կը կարդայ   «Յուսաբեր»էն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

 

Հովանաւորութեամբ Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանին, կազմակերպութեամբ «Յուսաբեր»ի շրջանակին, Շաբաթ, 26 Փետրուար 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, «Պլըքտանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. 131-րդ ամեակին նուիրուած քոքթէյլ-ընդունելութիւն, ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ առաջնորդին, Հ.Հ մեծարգոյ դեսպանին եւ ազնուափայլ տիկնոջ, ՀՀ հիւպատոսին, հոգեւոր դասին, գաղութիս կուսակցութիւններու եւ ակումբներու ներկայացուցիչներուն, Ազգ. Իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն, ընկերներու եւ համակիրներու։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կու-սակցութեանս ներկայացուցիչ ընկ. Արմէն Մազլումեան, խօսքին մէջ հաս- տատելով, որ Հ.Յ.Դ.-ին համար անկախ պետականութիւնը բարձրագոյն եւ բացարձակ արժէք է։

Անդրադարձաւ նաեւ հայութեան դիմագրաւած ներկայի դժուարութիւններուն, մարտահրաւէրներուն, շեշտեց, որ անհրաժշտ է համահայկական միաս- նականութիւնը։ 

Ապա բեմ բարձրացաւ Հ.Հ. մեծարգոյ դեսպան տիար Հրաչեայ Փօլատեան, խօսեցաւ Հ.Յ.Դ.-ի երկար տարիներու կատարած աշխատանքին, թէ ինչպէս տաժանակիր փորձութիւններ կրած է, բայց յաղթած պատուով։ Ան շարունակեց, ըսելով, որ «Դաշնակցութիւնը ողջ սփիւռքի մէջ ստեղծեց հայապահպանութեան լայնարձակ եւ երկարաժամ- կէտ ծրագիր», «չենք կրնար չգնահատել Դաշնակցութեան աջակցութիւնը հայրենական պատերազմի տարիներուն, ինչպէս նաեւ անկէ ետք»։

Խօսք առաւ նաեւ Թեմիս Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան, որ գնահատեց Հ.Յ.Դ.-ի նուիրական գործը, «որ հիմնադրուած էր նպատակ ունենալով միաւորել բոլոր յեղափոխական կուսակցութիւնները եւ գաղափարակիցները՝ հայրենիքը ազատագրուած, պաշտպանուած եւ բարգաւաճ հայրենիք տեսնելու եւ ունենալու գաղափարի շուրջ», ապա շեշտեց, որ գնահատելի է նաեւ սփիւռքի մէջ ազգային գիտակցութիւնը վառ պահելու, Հայ դատի գործը առաջ տանելու իր գործունէութեան ծաւալման մէջ։

Ապա ազգային-հայրենասիրական երգերով հանդէս եկաւ յատուկ Հայաս- տանէն հրաւիրուած տուտուկահար՝ Յարութիւն Չքոլեան, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց։

Հ.Յ.Դ. , 131-ամեակդ շնորհաւո՜ր...

«ՊԻՏԻ ԿԵՐՏԵՆՔ ՆՈՐ ԱՐՇԱԼՈՅՍ...»։