image

Գագիկ Ոսկանեանին Պաքուի մէջ ցմահ ազատազրկում կը սպառնայ

Գագիկ Ոսկանեանին Պաքուի մէջ   ցմահ ազատազրկում կը սպառնայ

Պաքուի մէջ կայացած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան Քարվաճառի շրջանին մէջ ապօրինաբար ձերբակալուած զինծառայող Գագիկ Աշոտի Ոսկանեանի դատավարութիւնը։

Նշուած է, որ դատախազն ընթերցած է մեղադրական եզրակացութիւնը:

Չորս ամիս առաջ Ջերմուկի դիրքերէն Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած Գագիկ Ոսկանեանին ընդհուպ ցմահ ազատազրկում կը սպառնայ:

Պաքուն անոր շարք մը յանցանքներ կը վերագրէ՝ ահաբեկչութենէն մինչեւ ապօրինի սահմանահատում։

Դատի ժամանակ, դատաւորը յայտարարած է, որ յօդուածներէն մէկով Գագիկ Ոսկանեանին ցմահ ազատազրկում կը սպասուի, իսկ միւսով՝ 20 տարուան:

Յիշեցնենք, որ այս տարուան օգոստոսին Ատրպէյճանի դատախազութիւնը յայտնած էր ՀՀ պահեստազօրային Գագիկ Ոսկանեանի վերաբերեալ քրէական գործ յարուցելու եւ անոր կալանաւորելու մասին։ 2023-ի օգոստոս 16-ին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ վարժական հաւաքի մասնակիցն ինքնակամ լքած է դիրքը։ Նոյն օրը Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր հայ զինծառայողի ձերբակալութեան մասին եւ Հայաստանը մեղադրած ներթափանցման փորձ կատարելու համար։ Այնուհետեւ պարզուած էր, որ Ատրպէյճանի կողմէ ձերբակալուած հայ զինծառայողը դիրքը լքած պահեստազօրայինն է։

Գերեվարուած Գագիկ Ոսկանեանի գործով հայկական կողմը դիմած է Եւրոպական դատարան՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ միջանկեալ միջոց կիրառելու պահանջով: