«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանը հիւրընկալած է իր տան մէջ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ԲՀԿ մամուլի քարտուղար Իւեթա Տօնոյեանը։
«Գագիկ Ծառուկեանը Բագրատ սրբազանին հիւրընկալել է ընտանեկան միջավայրում՝ ընթրիքի սեղանի շուրջ։ Իսկ ինչպէս յայտնի է, հայկական հիւրընկալութեան կանոնների համաձայն՝ ընտանեկան օջախում հիւրընկալութեան ժամանակ ընդունուած չէ քննարկել աշխատանքային, առաւել եւս՝ քաղաքական հարցեր»,– գրած է Տօնոյեանը դիմատետրեան էջին։
Անոր խօսքով` Բագրատ սրբազանը Գագիկ Ծառուկեանին դիմած է օրեր առաջ բնական աղէտէն տուժած բնակավայրերուն օգնութեան ձեռք մեկնելու խնդրանքով, ինչին Գագիկ Ծառուկեանը դրական արձագանգ տուած է եւ շեշտած, որ անյապաղ կը յանձնարարէ բարեգործական հիմնադրամի աշխատակազմին կազմակերպել աջակցութեան տրամադրման գործընթացը։