Ճափոնի վարչապետ Ֆումիօ Քիշիտան ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին առաջարկած է G7-ի յաջորդ գագաթաժողովը կայացնել 1945 թուականին ԱՄՆ-ի աթոմային ռմբակոծութենէն տուժած Հերոշիմայի մէջ:
Այս մասին Քիշիտան ըսած Թոքիոյի մէջ ԱՄՆ նախագահին հետ բանակցութիւններու ընթացքին:
Կը նշուի, որ ԱՄՆ նախագահը իր աջակցութիւնը յայտնած է ճափոնական կառավարութեան ղեկավարի առաջարկին:
Գործակալութեան տուեալներով` Հերոշիմայի ընտրութիւնը պայմանաւորուած է Ճափոնի` ընթացիկ իրադարձութիւններու լոյսին տակ միջուկային զէնքի կիրառման սպառնալիքի առկայութիւնը մատնանշելու ցանկութեամբ: