Ֆրանսան խստօրէն կը դատապարտէ Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ հայ համայնքի դէմ իրականացուած բռնութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են վերջին ամիսներուն մարտնչող ծայրայեղականներու կողմէ բազմաթիւ յարձակումներէն ետք, նշուած է Երուսաղէմի մէջ Ֆրանսայի գլխաւոր հիւպատոսութեան X-ի էջին:
«Իսրայէլի իշխանութիւնները պատասխանատու են նման բռնութիւնները կանխելու, ինչպէս նաեւ «սթաթուս քո»ի որեւէ փոփոխութեան համար: Ֆրանսան կը վերահաստատէ իր համերաշխութիւնը Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայ համայնքի հետ եւ պիտի շարունակէ ամենայն ուշադրութեամբ հետեւիլ իրավիճակին»,-ըսուած է գրառման մէջ: