image

Ֆրանսական Louis Casimir Teyssier լիսէին տնօրէնը այցելեց Մեսրոպեան վարժարան

Ֆրանսական Louis Casimir Teyssier լիսէին տնօրէնը այցելեց Մեսրոպեան վարժարան

30 Նոյեմբեր 2021-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեց Ֆրանսայի Պիթշ երկրամասի առաջատար կրթական հաստատութիւններէն Lycée Louis Casimir Teyssier-ի տնօրէն պարոն Փաթրիք Տիւկան, իր ղեկավարած վարժարանին եւ Մեսրոպեանի միջեւ կնքուած գործընկերութեան պաշտօնական համաձայնագիրին ստորագրութեան առիթով, որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի Ֆրանսական Ինսթիթութին մէջ:

Պարոն Տիւկան եւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, շարունակելով նախապէս առցանց կայացած հանդիպումները, արծարծեցին երկու դպրոցներու համագործակցութեան վերաբերող գաղափարներ՝ ստորագրուած համաձայնագիրի լոյսին տակ: Այս առիթով, ֆրանսացի գործընկերը երկար շրջայց մը կատարեց Մեսրոպեանի զանազան բաժանմունքներ եւ մօտէն ծանօթացաւ իւրաքանչիւրին աշխատանքին:

 

Նշեալ համաձայնագիրը պայմաններ կը ստեղծէ, որ դասընկերական ուղղակի կապեր հաստատուին երկու դպրոցներու աշակերտներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ կազմակերպուին փոխադարձ այցելութիւններ: Անիկա պիտի նպաստէ նաեւ աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ վարչական պատասխանատուներու միջեւ գաղափարներու եւ փորձառութեան փոխանակումին:

Սոյն համաձայնագիրը յաջորդեց եւ արդիւքներէն մէկն է Մեսրոպեան վարժարանի՝ Label-FrancEducation միջազգային հաւատարմագրումին, որ տեղի ունեցաւ այս տարուան 27 Հոկտեմբերին: Label-FrancEducation-ը կը համարուի որակի կնիք մը՝ ֆրանսերէնի դպրոցական ուսուցման մարզին մէջ, համաշխարհային մակարդակի վրայ։ Ներկայիս, Լիբանանի մէջ 30 դպրոցներ ունին այս հաւատարմագիրը, ամբողջ աշխարհի մէջ՝ 523․ Մեսրոպեանը միակ հայկական դպրոցն է անոնց շարքին։

Երեկոյեան, պարոն Փաթրիք Տիւկան մասնակցեցաւ Մեսրոպեանի շրջափակին մէջ Սուրբ Ծննդեան տօնածառի լուսաւորման արարողութեան եւ այդ առիթով իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն: