Ֆութպոլի Ռուսաստանի հաւաքականը այսուհետեւ հանդէս պիտի գայ «Ռուսաստանի ֆութպոլային միութեան հաւաքական» անուանումով, առանց դրօշի եւ օրհներգի:
Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՖԱ) դատապարտած է Ռուսաստանի զինուած ուժերու ներխուժումը Ուքրանիա եւ այս պատճառով կիրառած է նախնական պատժամիջոցներ Ռուսաստանի հաւաքականին նկատմամբ, որ տնային հանդիպումները պէտք է անցընէ չէզոք խաղադաշտի վրայ առանց հանդիսականներու:
ՖԻՖԱ-ն յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակէ խորհրդակցութիւնները Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին եւ ՈՒԵՖԱ-ի հետ՝ Ռուսաստանի հաւաքականը միջազգային մրցաշարքերէն հեռացնելու հարցով, եթէ իրավիճակի լաւացում չըլլայ:
Լեհաստանի հաւաքականը արդէն հրաժարած է խաղալէ Ռուսաստանի դէմ աշխարհի առաջնութեան ընտրական փուլի փլէյ-օֆի կիսաեզրափակիչին: Չեխիոյ եւ Շուէտի հաւաքականները եւս յայտարարած են, որ պիտի չմասնակցին Ռուսաստանի հետ հնարաւոր անցումային խաղին եզրափակիչ մրցաշարքի ուղեգրի համար: