image

Ազատ ըմբշամարտ. Հայաստանի պատանիներու հաւաքականը փայլուն արդիւնքներ գրանցեց

Ազատ ըմբշամարտ. Հայաստանի պատանիներու հաւաքականը փայլուն արդիւնքներ գրանցեց

Ազատ ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի պատանեկան հաւաքականը Եւրոպայի առաջնութեան խմբային հաշուարկին մէջ գրաւած է 1-ին տեղը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերացիայի մամուլի ծառայութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըմբշամարտի մեր ընտրանին կը յաղթէ խմբային պայքարին մէջ: Այս յաջողութեան մեր ոչ մէկ տարիքային հաւաքական հասած էր (ազատ ոճ եւ յունահռոմէական ոճ):

Ազատ ոճայինները Եւրոպայի առաջնութեան մեկնած էին 10 ըմբիշով: Անոնցմէ 9-ը պայքարած է մետալի համար: Նուաճած ենք 1 ոսկեայ, 5 արծաթեայ եւ 2 պրոնզէ մետալ։