image

Եւրոպայի անվտանգութիւնն անհնար է առանց Թուրքիոյ. Էրտողան

Եւրոպայի անվտանգութիւնն անհնար է առանց Թուրքիոյ. Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը նախարարներու գրասենեակի նիստէն ետք հեռուստաուղերձի մէջ յայտարարած է, որ Եւրոպայի անվտանգութեան ապահովումն առանց Թուրքիոյ մասնակցութեան անհնար է, եւ այդ ցոյց տուած են վերջին շաբաթներու թէժ բանավէճերը։ Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»֊ը, այս մասին յայտնած է թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը։

«Եւրոպայի կարիքը Թուրքիայէն ոչ միայն անվտանգութեան ոլորտի մէջ է, այլ նաեւ շատ այլ ոլորտներու մէջ, այդ շարքին՝ տնտեսութեան, դիւանագիտութեան եւ առեւտուրի, բացայայտօրէն յստակ է», -յայտարարած է ան։

Էրտողան ընդգծած է, որ Անգարան պատրաստ է զարգացնելու յարաբերութիւնները եւրոպական երկիրներու եւ ԵՄ-ի հետ ընդհանուր շահերու շրջածիրէն ներս եւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ։

«Քանի որ մեր եւրոպացի ընկերները արդար հիմքի վրայ կը ձեւակերպեն իրենց քաղաքականութիւնը, անոնք կը գիտակցին Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը։ Մենք ատոնք կը տեսնենք որպէս խոստումնալից զարգացումներ Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններու ապագայի համար»,-ըսած է ան։

Թուրքիոյ նախագահի խօսքով՝ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող արագ եւ անկանխատեսելի փոփոխութիւնները կը վկայեն Անգարայի եւ Պրիւքսէլի միջեւ հետագայ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան անհրաժեշտութեան մասին։

Մեկնաբանելով թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու հեռանկարները՝ Թուրքիոյ նախագահը նշած է, որ միանգամայն հնարաւոր է, որ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները այլ լիցք ստանան ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի երկրորդ ժամկէտի ընթացքին։

Խօսելով ամերիկացի գործընկերոջ հետ վերջերս կայացած հեռախօսազրոյցի մասին՝ ան նշած է, որ խօսակցութիւնն անցած է անկեղծ մթնոլորտի մէջ։

Քննարկուած են բազմաթիւ կարեւոր հարցեր, այդ շարքին՝ երկկողմ ապրանքաշրջանառութիւնը 100 միլիառ տոլարի հասցնելու հետ կապուած բոլոր առկայ խոչընդոտներու վերացումը։