image

Եւրոպան ցանկութիւն չունի կարգաւորելու Հայ- Ատրպէյճանական թնճուկը. Զախարովա սլաքներ ուղղեց Եւրոպայի դէմ

Եւրոպան ցանկութիւն չունի կարգաւորելու Հայ- Ատրպէյճանական թնճուկը. Զախարովա սլաքներ ուղղեց Եւրոպայի դէմ

Եւրոմիութեան գործունէութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ պայմանաւորուած է աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւններով, չորեքշաբթի ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

«Մեր կարծիքով, սա որեւէ կապ չունի հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորմանը նպաստելու իրական ցանկութեան հետ։ Ես կ'ըսէի, որ եւրոպացիներու այս կեղծ նախաձեռնութիւններն աւելի շատ նման են միջնորդութեան դափնիներն անամօթաբար իւրացնելու փորձի, որու տակ ոչինչ կայ»,- ըսած է Զախարովան:

ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչն ըսած է, որ Ռուսիոյ աշխատանքն այս ուղղութեամբ յսակ արդիւնքներ կը գրանցէ եւ համապատասխանաբար կը գնահատուի կողմերու կողմէ։

«Անոնք, որոնք միջնորդ կը ձեւանան, այդպիսին չըլլալով, ըստ երեւոյթին, ոչինչ ունին առաջարկելու եւ ընդունակ չեն, բայց կ'ուզեն որոշ կերպով իրենց ներգրաւուածութիւնը ցոյց տալ»,-ըսած է Զախարովան:

Միաժամանակ ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչը նշած է, որ հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներէն որեւէ տեղեկութիւն չէ ստացուած ԵՄ միջնորդութեամբ խաղաղութեան համաձայնագիրը մշակելու համար աշխատանքային խումբ ստեղծելու ծրագրի մասին։

Յիշեցնենք, որ 31 Օգոստոսին Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումները Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի հետ։