image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոպական նոր առաքելութիւն մը դէպի Հայաստան

Եւրոպական նոր առաքելութիւն մը դէպի Հայաստան

Եւրոպական միութեան 27 անդամ երկիրներու արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարները գալիք երկուշաբթի օրը՝ 23 յունուարին, պիտի ընդունին Հայաստան նոր առաքելութիւն գործուղելու որոշում:

Այս մասին գրած է «Ազատութիւն»ը։

«Այն պէտք է նպաստէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման»,- յայտնած է Եւրոմիութեան բարձրաստիճան անանուն դիւանագէտը:

Անոր հաղորդմամբ, Եւրոպական միութիւնը մտահոգութեամբ կը հետեւի Լաչինի միջանցքի շուրջ ծաւալող իրադարձութիւններուն եւ միջոցներ կը ձեռնարկէ իրավիճակը կարգաւորելու համար:

20 Յունուարին լրացաւ Լաչինի ճանապարհի արգելափակման 40-րդ օրը: Այս ընթացքին Արցախի մէջ ի յայտ եկած է պարէնի, դեղորայքի եւ կենսական նշանակութեան այլ պարագաներու սուր պակաս: