image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոպական երկիրներ պատերազմի մէջ են Ռուսիոյ դէմ. Ռուս-եւրոպական «կրակոցներ»ը կը շարունակուին

Եւրոպական երկիրներ պատերազմի մէջ են Ռուսիոյ դէմ. Ռուս-եւրոպական «կրակոցներ»ը կը շարունակուին

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան իր Telegram ալիքի միջոցաւ ըսած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բացատրութիւն կը պահանջէ գերմանական կողմէն՝ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ (ԵԽԽՎ) Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի յայտարարութեան վերաբերեալ առ այն, որ եւրոպական երկիրները պատերազմի մէջ են Ռուսիոյ հետ։

Զախարովան նշած է, որ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարած է, որ Քիեւին աջակցութիւն ցուցաբերելը Գերմանիան Ուքրանիոյ հակամարտութեան կողմ չի դարձներ։

«Անոնք կը հասկնա՞ն, թէ ինչի մասին կը խօսին։ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը կ'ըսէ, որ իր երկիրը, այլ երկիրներու հետ, պատերազմի մէջ է Ռուսիոյ դէմ։ Մինչդեռ նոյն նախարարութիւնը իր երկիրը չի համարեր հակամարտութեան կողմ»,- գրած է Զախարովան։

Ան կոչ ըրած է իր գերմանացի գործընկերներուն պարզաբանելու իրավիճակը։

Ինչպէս գրած է dw.com-ը, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանած է կառոյցի ղեկավար Աննալենա Պերպոքի հնչուն յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան ըսած էր.«Մենք կը պատերազմինք Ռուսիոյ դէմ, ոչ թէ իրար դէմ»:

«Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի այս մէջբերումը ակնթարթօրէն ցրուած է համաշխարհային լրատուամիջոցներու մէջ՝ առաջացնելով զարմանք եւ քննադատութիւն»,- գրած է գերմանական Bild թերթը՝ բացատրելով, որ Պերպոքի այս խօսքերը կը հակասեն Գերմանիոյ կառավարութեան դիրքորոշման. Վարչապետ Օլաֆ Շոլցը բազմիցս ընդգծած է, որ Գերմանիան պէտք չէ դառնայ պատերազմի մասնակից։ Պատասխանելով Bild-ի խնդրանքին՝ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պարզաբանումներ տուած է Պերպոքի արտայայտութեան վերաբերեալ։

«Ռուսիա դաժան պատերազմ կը մղէ Ուքրանիոյ դէմ: Այդ նաեւ պատերազմ է եւրոպական աշխարհակարգի եւ միջազգային իրաւունքի դէմ: 24 յունուարին Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի անդամներու հետ հանդիպման արտաքին գործոց նախարար Պերպոքն ընդգծած է, որ Եւրոպան պէտք է միասնաբար կանգնի ընդդէմ այս պատերազմի»,-ըսուած է նախարարութեան պատասխանին մէջ։