image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոպացի դէտերը գործի անցան

Եւրոպացի դէտերը գործի անցան

Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդները մեկնած են իրենց առաջին պարեկութեան, յայտնած է Եւրոպական արտաքին գործողութեան ծառայութիւնը թուիթըրեան էջին:

«Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդները մեկնած են իրենց առաջին պարեկութեան: Առաջիկայ երկու ամիսներու ընթացքին անոնք պիտի մշտադիտարկեն իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանի հայկական կողմին մէջ՝ վստահութիւն ձեւաւորելու եւ սահմանային յանձնաժողովներուն նպաստելու համար»,-ըսուած է  հաղորդագրութեան մէջ:

Կից հրապարակուած է նաեւ տեսանիւթ: