Լեռնադահուկային սահուղիներ, հնագոյն պատմութիւն եւ համեղ խոհանոց․ ահա՛ բոլոր նախապայմանները Հայաստան այցելելու համար. այսպէս նկարագրած է յայտնի եւրոպական Euronews հեռուստաալիքը՝ Հայաստանը, որպէս պարտադիր այցելութեան վայր։
«Հայաստանի գիւղական շրջանները հնարաւորութիւն կու տան լաւագոյնս բացայայտելու երկիրը, քանի որ այստեղ զբօսաշրջիկներն ականատես կ՚ըլլան հայկական կենցաղին, կ՚ուսումնասիրեն երկրի հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկական սովորոյթներն ու աւանդոյթները»- նշած է Հայատանէն Զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Սուսաննա Յակոբեանը՝ Euronews հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին՝ ITB Berlin զբօսաշրջային միջազգային ցուցահանդէսի ժամանակ։
Ամբողջական յօդուած՝ այստեղ։