image

«Եթէ պատրաստ են զոհաբերելու հայկական կողմի շահերը, ապա...». Լաւրովէն կարեւոր դիտարկում

«Եթէ պատրաստ են զոհաբերելու հայկական կողմի շահերը, ապա...». Լաւրովէն կարեւոր  դիտարկում

Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի ու Սերկէյ Լաւրովի համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ Լաւրովը լրագրողին խնդրանքով անդրադարձած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու գործունէութեան` յայտարարելով, որ չի գիտեր, թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ անոր ապագան, քանի որ այդ խումբի շրջանակին մէջ այսպէս կոչուած «ամերիկացի եւ ֆրանսացի գործընկերները», ռուսատեացութեան տենդով տարուած, չեղարկած են նաեւ ԵԱՀԿ ՄԽ եռանախագահութիւնը` յայտարարելով, որ իրենք Ռուսաստանի հետ չեն շփուիր այդ ձեւաչափին մէջ:

«Ադ իրենց իրաւունքն է, եթէ անոնք պատրաստ են զոհաբերելու Ղարաբաղի եւ ամբողջ Անդրկովկասի կարգաւորման հարցում շահերը, եթէ պատրաստ են զոհաբերելու տուեալ պարագային հայկական կողմի շահերը, ապա այդ իրենց ընտրութիւնն է: Այս մօտեցումը կը համարենք անպատասխանատու, սակայն դաայդ մեզի հունէն պիտի չհանէ: Մենք հաւատարիմ ենք ղարաբաղեան իրավիճակի կարգաւորման եւ այն բոլոր պայմանաւորուածութիւններու իրականացման, որոնք ձեռք բերուած են եռակողմ ձեւաչափով Հայաստանի, Ատրպէճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներուն միջեւ: Այս ընտրութիւնը մերը չէ: Եթէ Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները որոշած են այդպէս վարուիլ, Աստուած անոնց դատաւոր», ըսած է Լաւրով: