image

«Ես քեզ միշտ ժպիտով կը յիշեմ, սիրելի Քրիստափոր...».Նժդեհ Պոտրումեանի գրառումը

 «Ես քեզ միշտ ժպիտով կը յիշեմ, սիրելի Քրիստափոր...».Նժդեհ Պոտրումեանի գրառումը

Ընկերս, ես հասայ Գանատա եւ լաւ եմ։ Սակայն շաաատ աւելի լաւ կ'ըլլայի եթէ դուն ալ հոս ըլլայիր եւ երազանգդ իրականացուցած ըլլայիր...

Բայց գիտցած եղիր որ մինչեւ այսօր քու ընտանիքիդ, ընկերներուդ, եւ քեզի ճանչցողներէն շատերուն համար դուն փարոս մըն ես որ ուղղութիւն կու տաս որ մարդիկ տարբեր հարցերու դիմաց գիտնան թէ որն է լաւագոյն եւ խաղաղ որոշումը առնելու եւ քու օրինակէդ եւ ապրելակերպէդ մեկնելով մտքերնիս հանգիստ կ'ըլլայ որ մեր կեանքին մէջ ճիշդ ճամբու վրայ ենք։ 

Ըստ երեւոյթին, քեզի պէս մաքուր հոգի մը այս նիւթապաշտ, անիրաւ ու աղտոտ աշխարհին վրայ գործ չունէր..

Յիշատակդ անթառամ մնայ, ընկերս

Ծով համբերութիւն ընտանիքիդ

Հողը թեթեւ գայ վրադ

Ես քեզի միշտ ժպիտով կը յիշեմ...։

Բնիկ լիբանանահայ եւ ներկայիս Գանատա հաստատուած երիտասարդ՝ Նժդեհ Պոտրումեան կը գրէ՝

2 Հոկտեմբեր, 2018

Արդեն ցաւած էի որովհետեւ մէկ օր առաջ Շառլ Ազնաւուրը մահացած էր։ 

Կէսօրէ ետք համալսարանէն տուն վերադառնալու ժամանակ երբ Պէյրութի նաւահանգիստի մօտէն կ'անցնէինք նկատեցի որ ճամբուն հակառակ կողմը շատ ահրելի խճողում մը կար։ Վերջը հասկցանք որ արկած մը պատահեր է։ 

Նոյն գիշերը երբ ակումբ գացի զգացի որ չորս կողմս տխուր եւ գաղտնի փսփսուք մը կայ. երբ հետաքրքրուեցայ որ ինչ պատահեր է լուր մը առի որ մինչեւ օրս երբ յիշեմ ապուշ կը կտրուիմ։

Լուրը այն էր որ իմ ընկերս, Քրիստափոր Օգնայեանը որ միայն երեք օր առաջ իր հետ կը սրճէի, Պէյրութի նաւահանգիստին մօտ ցաւալի արկածի մը պատճառով սպաննուած էր...

Այսօր Քրիստափորին մահուան հինգերորդ տարելիցն է եւ հիմա առաջին անգամ ըլլալով կարողութիւնը ունեցայ իր մասին երկու խօսք մը գրելու։

Ես Քրիստափորին ծանօթացայ Օգոստոս 2013-ին երբ միասին նոյն տեղը աշխատեցանք: Ինչպէ՞ս կրնամ նկարագրել Քրիստափորը. եթէ մէկ ասացուածքով պիտի նկարագրեմ իրեն «Ձեռքին զարկ. հացը ձեռքէն առ»։

Խելացի, աշխատասէր, հայրենասէր, իրապաշտ, ընկերային, նպատակասլաց, ճշմարտախօս, եւ բարի անձ մըն էր Քրիստափորը։ Այնքան բարի, որ ես ինծի հարց կու տայի թէ կրնա՞յ ըլլալ այսօրուայ թուականին այսքան բարի մէկը գոյութիւն ունի այս նիւթապաշտ աշխարհին մէջ։

Քրիստափորը եթէ մէկու մը սիրէր ամբողջ սրտովը կը սիրէր։ Եթէ միտքը նպատակ մը դնէր մինչեւ վերջին քայլը կը հետապնդէր այդ նպատակը։ Ան նաեւ երազներ ունէր։ Ինծի պէս ինքն ալ շատ յոյս չունէր մեր ծնած երկրին վրայ եւ կ'ուզէր գաղթել։ Բայց նոյնիսկ այդ կէտին մէջ կ'ուզէր ամեն ինչ օրինաւոր ճամբով ընել առանց երթալիք երկրին վրայ բեռ ըլլալու, երբ իրականութիւնը այն է որ իր երթալիք երկիրը բախտաւոր պիտի ըլլար իրեն պէս երիտասարդի մը որդեգրելու։

Երկուքս ալ Գանատան նկատի առած էինք որպէս օրինաւոր եւ մարդու իրաւունք ճանչցող երկիր եւ կը ծրագրէինք ամեն մէկս իր ճամբով ու ձեւով փոխադրուիլ եւ հեռանալ մեր ապրած անօրէնութիւններէն, սակայն Քրիստափորը ճիշդ այդ անօրէնութիւններուն զոհը գնաց։

Ըլլալիքը ըլլալէն վերջ ախորժակ չունեցայ հետաքրքրուելու արկածին մանրամասնութիւններով, բայց որչափ որ պատմութիւնը լաւ կը յիշեմ ան ամիսը մէկ անգամ Ռոմաթիզմի բժիշկի կ'երթար, եւ նկատի առնելով որ իր գործատեղէն շատ հեռու չէր տեղը ան որոշած էր ինքնաշարժը չառնել եւ քալելով երթալ։ Ճամբան քալած ժամանակ գովէն շինարարական երկաթներ փոխադրող հանրակառք մը կ'անցնի որ ծանր երկաթներ կրած էր շատ անապահով ձեւով, եւ երբ ան Քրիստափորին մօտ վայրկեան մը կը կենայ այդ ծանր երկաթները իր վրայ կ'իյնան...

Ի՜նչ ճակատագիր...