Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ գոհ չէ Իրանի պատերազմի շուրջ բանակցութիւններու վերաբերեալ վերջին առաջարկէն։ Իսկ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին ըսած է, որ Թեհրանը պատրաստ է բանակցութիւններու, եթէ Ուաշինկթընը փոխէ իր մօտեցումը։
Մայիս 1-ին իրանական պետական IRNA գործակալութիւնը յայտնած է, որ Իրանը նոր առաջարկ փոխանցած է փաքիստանցի միջնորդներու միջոցով։ Սակայն ատոր բովանդակութիւնը չէ հրապարակուած։
Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին Թրամփ ըսած է, որ Իրանը կ՚ուզէ համաձայնութեան գալ, սակայն ինքը գոհ չէ ներկայացուած առաջարկէն։
«Անոնք կը խնդրեն բաներ, որոնց հետ ես չեմ կրնար համաձայնիլ»,- յայտարարած է Թրամփը եւ ըսած, որ հեռախօսային բանակցութիւնները կը շարունակուին։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին ալ յայտարարած է, որ Թեհրանը պատրաստ է դիւանագիտական միջոցառումներ սկսելու, եթէ ԱՄՆ-ը փոխէ իր «չափազանցուած մօտեցումը, սպառնալից հռետորաբանութիւնը եւ սադրիչ գործողութիւնները»։