image

Երուսաղէմի մէջ խառնակ վիճակ. Ներխուժած են նահանգապետին տունը

Երուսաղէմի մէջ խառնակ վիճակ. Ներխուժած են նահանգապետին տունը

«Ալ Մայատին» կը հաղորդէ, որ բռնագրաւեալ ուժերը այսօր լուսադէմին ներխուժած են Երուսաղէմի նահանգապետ Ատնան Ղայսի տունը եւ յարձակած են անոր եւ անոր ընտանիքին վրայ:

Իսրայէլեան «Ալ Եամամ միաւորի» ուժը ներխուժած է Սալուան գիւղի միջին թաղամասին մէջ գտնուող Ղայս ընտանիքին տունը, ձերբակալած է 4 երիտասարդ եւ դաժան ծեծի ենթարկած է ընտանիքին անդամները, ընդ որում՝ Երուսաղէմի նահանգապետ Ատնան Ղայսը։

Նշենք, որ երէկ՝ Կիրակի երեկոյեան, առանձին առճակատումներ սկսած են Երուսաղէմի թաղամասերուն մէջ՝ ի պատասխան հրեաներու՝ Հին քաղաք ներխուժման եւ Երուսաղէմի բնակիչներուն դէմ յարձակումներ իրականացնելու սպառնալիքներուն։

Հրէական ուժերը ձայնային ռումբեր արձակած են Սալուանի բնակիչներու տուներուն եւ ինքնաշարժներուն ուղղութեամբ: Տասնեակ բնակիչներ շնչահեղձ եղած են՝ անկանոն նռնակներու հետեւանքով: